image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապի մէջ. Գարուն Պապուճեանի (յայտնի ծուվուն Գերոնը անունով) կորուստը

 Քեսապի մէջ. Գարուն Պապուճեանի  (յայտնի ծուվուն Գերոնը անունով) կորուստը

Տխուր լուր ստացանք  Սուրիոյ  Քեսապ հայաւանէն։

 

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է գիւղի  սիրուած եւ յարգուած մայրերէն՝ Գարուն Պապուճեանը։

Այս մասին ալ կարճ գրառում մը կատարուած է  Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջը, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2023-ին, մահացաւ Տիկ. Գարուն Պապուճեան Սահակեանը (ծուվօն Գերոնը) (ծնեալ՝ 1931) ։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ Ուրբաթ` 29 Սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Էքիզոլուքի գերեզմանատուն։ 

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք  հանգուցեալին ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ ու իր յիշատակը անթառամ մնայ։