Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական հրաժեշտի պատարագ եւ ողջերթ՝ ի պատիւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ վրդ.Լուիսեանի, որ 12 տարիներ ծառայելէ յետոյ այժմ կը ստանձնէ նոր պաշտօն, որպէս փոխ-մեծաւոր Զմմառու վանքին:
«Արեւելք» Քեսապի իր աղբիւրէն տեղեկացաւ նաեւ, որ արարողութեանը ներկայ եղած են մեծաթիւ հաւատացեալներ։
Արարողութիւններուն մասին հաղորդագրութիւնը՝ ստորեւ.
Կիրակի՝ 9 Մարտ առաւօտեան ժամը 11:00-ին Քեսապի Ս. Միքայել եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական հրաժեշտի պատարագ մատուցեց Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:
Ներկայ էին քոյր համայնքներու հովիւները, Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Պատուելի Շանթ Ակիշեան եւ միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցչակազմ:
Պատարագի աւարտին Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ ըսաւ թէ 12 տարիներու իր ծառայութիւնը այնքան արագ անցաւ Քեսապի մէջ՝ ուրախ օրերուն հետ նաեւ տխուր եւ դժուար օրերով: Տեղահանուած քեսապահայութեան հետ ան երեք ամիսներ Լաթաքիա ապաստանելէ ետք վերադարձած էր Քեսապ եւ մասնակից դարձած հայկական աւանի վերականգման աշխատանքներուն։ Վարդապետը 12 տարուայ ընթացքին ծաղկեցնելով, շէնցնելով եւ ծառայելով՝ մեծ սիրով աշխատած էր Քեսապի համար: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներու հովիւներուն՝ իրենց անվերապահ աջակցութեան, յարգանքին եւ մեծ սիրոյն համար, նշելով, որ բոլորը միասնաբար համագործակցելով ծառայած են՝ իրենց լուման բերելով այս գիւղին, Քեսապի ժողովուրդին զարգացման համար: Վարդապետը, իր խօսքը ուղղելով քեսապահայութեան, ըսաւ, որ անոնք սիրեն, յարգեն եւ աղօթեն իրենց հովիւներուն համար, սակայն չկապուին անոնց, որովհետեւ անոնք, երբ աւարտեն իրենց ծառայութեան տարիները պիտի մեկնին այլ երկիրներ: Ան յորդորեց որ անոնք կապուին միայն իրենց եկեղեցւոյ, կապուին սրբութիւններուն, հայկական աւանդութիւններուն եւ իրենց սուրբ հողին՝ Քեսապին, որովհետեւ ան Կիլիկիահայութեան վերջին կայարանն է: Հայր Լուիսեան իր խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ, թէ եկեղեցականներ կու գան ու կ’երթան, եկեղեցին եւ սուրբ հողն են որ կը մնան եւ շեշտեց, որ անոնք ամուր կառչած մնան իրենց հողին, որովհետեւ անոր իսկական տէրերը իրենք են: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր եկեղեցւոյ կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, որոնք 12 տարիներու ընթացքին սիրով ծառայած էին համայնքին բարելաւման եւ զարգացման:
Ապա իր սրտի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան անունով Բարեշնորհ՝ Արա սրկ. Քէշիշեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս 12 տարուայ ծառայութեան համար: Նաեւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Հայր Սուրբը՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Էօրտէքեան եւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան, որոնք իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին փոխադարձ սիրոյ, յարգանքին համար եւ ըսին, որ ան իր կեանքի կարեւոր մէկ մասը անցուցած է Քեսապի մէջ եւ իսկապէս մեծ ներդրում ունեցած իր ծառայութեամբ։ Մաղթեցին անոր յաջողութիւն եւ բարի երթ:
Հաւատացեալ ժողովուրդը իր կարգին բարի ճանապարհ մաղթեց Հայր Լուիսեանին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր անխոնջ ծառայութեան համար եւ շնորհաւորեց Հայր Սուրբը՝ նոր եւ կարեւոր պաշտօն մը ստանձնելու համար։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ վանքի դահլիճին մէջ: