image

Քամալա Հարրիս նոր քաոսէ կը զգուշացնէ

Քամալա Հարրիս նոր քաոսէ կը զգուշացնէ

Վենեզուելայի դէմ ամերիկեան իշխանութիւններու գործողութիւնները եւ երկրի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի առեւանգումը կը սպառնան քաոսի վերածուիլ, որու համար ստիպուած պիտի ըլլան վճարել ամերիկեան ընտանիքները։ Այս մասին գրած է ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ Քամալա Հարրիսը։

«Մենք այս ֆիլմն արդէն տեսեր ենք։ Ռեժիմի փոփոխութեան կամ նաւթի համար պատերազմներ, որոնք կը ներկայացուին որպէս ուժ, բայց կը վերածուին քաոսի, եւ ամերիկեան ընտանիքները կը վճարեն ատոր գինը»,-գրած է ան։

Հարրիսը աւելցուցած է, որ Վենեզուելայի նկատմամբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործողութիւնները Ամերիկան աւելի անվտանգ կամ ուժեղ չեն դարձներ:

«Այս քայլը անօրինական եւ անխոհեմ էր։ Ամերիկացի ժողովուրդը սա չուզեր, եւ անոնք յոգներ են սուտերէ... Խօսքը նաւթի եւ Տանըլտ Թրամփի տարածաշրջանային բռնապետի դեր խաղալու ցանկութեան մասին է»,գրած է ան։

Հարիս նշած է, որ Թրամփը վտանգի կ՚ենթարկէ ամերիկեան զօրքերը, միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսէ, կ՚ապակայունացնէ Քարիպեան տարածաշրջանը եւ չի տրամադրեր որեւէ օրինական հիմք, ելքի ծրագիր եւ ոչ մէկ առաւելութիւն երկրի մէջ: