Ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ արդիական շունչ մը բերելու կենսականութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնային։
Խօսքը չի վերաբերիր ընդհանուր ընկալումներու, դասական դարձած ձեւաչափերու կամ աշխատանքի ոճային մօտեցումներուն մասին, այլ այն կապ ունի նոյն-նշուած ոլորտի արտաքին աշխարհին կողմէ որդեգրուած ձեւաչափերուն հետ։
Աւելի պարզ խօսելու համար, հարկ է անշուշտ նշել սորվելու, նորարարութիւնները ամբողջովին «մարսելու» եւ այդ նորաոճ լուծումները «տեղայնացնելու» մասին, որուն առընթեր ալ մեր երկիրն ու ազգաբնակչութիւնը ունի երկար տարիներու փորձ։
Այսօր մեր շուրջ կատարուող թաւալումներուն հետ, իրատեսօրէն երեւելի կը դառնայ, որ մեզի հարեւան հանդիսացող (առնուազն աշխարհագրական առումով) տէրութիւններէն շատ շատերը յաջողութեան մը բանալիին կը տիրանան, պարզ անոր համար, որ արտաքին աշխարհի մէչ իրենց տեսած-ուսումասիրած փորձերը «կը ներածեն» իրենց երկիր, մշակումներ կը կատարեն այդ բոլորին վրայ եւ նորացուած, թարմացուած նոր օրինակները կ՚ուղարկեն դէպի քաղաքակիրթ աշխարհ։
Արդիւնքը շատ պարզ ու մէկին է. Մէկ կողմէ կը հարստնայ արտաքին աշխարհի ունեցած պահուստը եւ միւս կողմէ ալ տուեալ երկրի տնտեսութեան մեծ «լոքոմոթիւ»ը դէպի առաջ կը շարժի։
Ու հոս է երեւի ամէնակարեւորը։ Կարեւորի մասին խօսելով անշուշտ հարկ է, որպէս օրինակ մէջտեղ հանել Հայոց Միջնադարու անցած փորձն ու կենսակերպը, որ յար եւ նման այսօրուան աշխարհի թաւալումներուն, կարողացած նախ «սորվիլ» արտաքին աշխարհէն ու ապա «ներածուած»ը մարսելէ յետոյ, նոյն այդ աշխարհին ու հանրութեան տալ-տրամադրել նորն ու նորացուածը։
Ըլլայ այդ մէկը թարգմանական արուեստին մէջ, ըլլայ այդ բժշկութեան, ճարտարապետութեան, կամ նոյնիսկ նկարչութեան ոլորտներուն մէջ մեր ազգը կարողացաւ իր մէջ «ձուլել», բոլոր այն դրական հիմունքները, որոնք «դուրսի աշխարհ»էն բերուեցան, անցան վերարտադրման փուլէն ու ապա միացան ու մաս կազմեցին համաշխարհային քաղաքակրթութեան։
Տարբերութիւնը անցեալին ու այսօրուայ մեր իրականութեան միջեւ բաւական խորքային է։ Այն իմաստով, որ մինչ անցեալի պարագային ահռելի դժուար էր հասնիլ ու «տիրանալ» արտաքին գործօններուն ու դրական օրինակներուն, այսօր այդ դժուարութիւնները գրեթէ չքացած են։
Ու այստեղ է թերեւս, որ պիտի առանձնանայ «հայկական փորձ»ն ու տաղանդը, որուն ստեղծագործ ոգիին մասին բաւական լուրջ եւ մեծարող կարծիք ունին Արեւելքն ու Արեւմուտքը՝ հաւասարապէս։
Ու այդ բոլոր ցանկալի փոփոխութիւնները, որոնք դրական շունչ պիտի տան Հայաստանի տնտեսութեան համար «շնչառութեան թոք» համարուող ոլորտներուն պէտք է ընթացք առնեն ամենափոքր մանրամասնութիւններէն։
Այս բոլորի մասին խօսելէ ետք, հարկ է ցցուն օրինակներ ցոյց տալ մեր ընթերցող հասարակութեան, խօսելով մանաւանդ Հայաստանի համար բազում առումներով կարեւոր եւ կենսական ոլորտ հանդիսացող հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մասին։
Ի հարկէ այս ոլորտը ունի, բաւական երկար կեանք եւ աւիշ ունեցող խորքային անցեալ մը, որուն արմատները խրուած են մեր հողին ու ժողովուրդի ողջ գիտակցութեան մէջ։
Ոլորտ, որ մեծ բարիքներ կուտայ մեր երկրին ու ամենակարեւորը այս բոլորի առընթեր ոլորտ, որ տակաւին ունի երկար ճամբայ մը հասնելու համար կատարելութեան։
Ի դէպ այս ոլորտի արդիական լուծումներուն ու նաեւ ոլորտի տնտեսական հիմնարար գործօն ըլլալուն մասին օրերս կարեւոր դիտարկումներ կատարած են ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ), Երկրաբանութեան ինստիտուտի տնօրէնի խորհրդական Սարգիս Շահազիզեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Տնտեսագիտութեան եւ միջազ-գային տնտեսական յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ Գրիգոր Հայրապետեան։
Ստորեւ մեր մասնագէտ-հայրենակիցներուն կարծիքները։
Սարգիս Շահազիզեան կ՚ըսէ՝ «Հանքավայր եղած եմ դեռ ուսանող ժամանակ՝ 1970-ին, այնուհետեւ 1997-1998 թուականներուն՝ բնապահպանութեան նախարար եղած տարիներուս, նաեւ 2015-ին եղած էի այստեղ։ Պէտք է նշեմ, որ համեմատած անցեալին, այսօր բոլորովին այլ պատկեր է եւ իրաւամբ սարեր-ձորերու տարբերութիւն կայ։ Այն ժամանակ հանքին մէջ պայթեցումներն այնպիսի ձեւով կը կատարուէին, որ ժամերով փոշին չէր նստեր։ Շրջակայ միջավայրի հարցերը լրիւ անտեսուած էին, բայց հիմա լրիւ փոխուած է իրավիճակը: Հիմա կը քալենք ժամանակին համահունչ եւ կը հասնինք ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան հանքարդիւնաբերութեան»։
Իր կարգին Գրիգոր Հայրապետեան կը նշէ՝
Եթէ դիտարկենք միայն պղինձը եւ մոլիպտենը, ապա 2022-ի տուեալներով այդ կը կազմէ մօտ մէկ միլիառ տոլար, ինչ որ արտարժոյթի շատ մեծ աղբիւր կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։
Իսկ այդ արտարժոյթը յետագային հիմք կը հանդիսանայ այն ապրանքներու ներմուծման համար, որոնք տուեալ պարագային տնտեսութիւնը եւ միւս ընկերութիւնները կարիքը ունին ներմուծելու ճարտարագիտութեանց վերաբերեալ եւ այլ սարքաւորումներ»,– շեշտած է ան։
Տնտեսագէտի դիտարկմամբ՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ բաւական բարձր է աղքատութեան ցուցանիշը եւ տարբեր գնահատականներով այն կը կազմէ միջին հաշուով 27 տոկոս, իսկ ամենացած ցուցանիշը Սիւնիքի մարզին մէջ է։
«Եթէ մենք կարողանանք մարզերուն մէջ գործ ապահովել, ապա առնուազն մարզի բնակչութիւնը երկարաժամկէտ կտրուածքով կը կապուի իր ծննդավայրին հետ։ Եւ երկարաժամկէտ հատուածով հանք արդիւնաբերութեան զարգացումը նոյն Սիւնիքի մարզին մէջ կրնայ հիմք հանդիսանալ արդիւնաբերական շարանի մը ստեղծման, որոնց մէջ կրնայ առաջատար ըլլալ հանքարդիւնաբերական ոլորտը»,– եզրափակած է Գրիգոր Հայրապետեան։