Քաղաքացիները յորդառատ անձրեւին տակ բեռնատարներով փակած են Սեւան-Երեւան մայրուղին եւ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք կը վանկարկեն` «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուած են, որոնք սակայն որեւէ գործոնէութիւն չէին իրականացներ:
Ինչ-որ պահի լարուածութիւն յառաջացաւ բողոքի մասնակիցներուն եւ մի քանի վարորդներու միջեւ, որոնք կը պահանջէին բանալ ճանապարհը, սակայն ոստիկանները հանդարտեցուցին իրավիճակը: