image
Հրատապ լուրեր:

Քաղ.բանտարկեալ Մամիկոն Ասլանեանի առողջական վիճակը վատացած է. Զինք տեղափոխած են հիւանդանոց

Քաղ.բանտարկեալ Մամիկոն Ասլանեանի առողջական վիճակը վատացած է. Զինք տեղափոխած են հիւանդանոց

Վանաձորի նախկին քաղաքապետ, կալանաւորուած Մամիկոն Ասլանեանն առողջական խնդիրներ ունի։ Անոր պաշտօնական էջը յայտնած է․«Մամիկոն Ասլանեանին ճնշման կտրուկ տատանման պատճառով տեղափոխել են «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն»:

Յիշեցնենք, որ Մամիկոն Ասլանեանը Վանաձորը կը ղեկավարէր 2016 թուականէն, կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման ու պաշտօնէական կեղծիք կատարելու համար։ Ան կալանաւորուած է 16 դեկտեմբերի 2021-ին՝ Վանաձորի քաղաքապետի ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Անոր գլխաւորած դաշինքը Վանաձորի աւագանիի ընտրութիւններուն ամենաշատ ձայները ստացած էր։