Վանաձորի նախկին քաղաքապետ, կալանաւորուած Մամիկոն Ասլանեանն առողջական խնդիրներ ունի։ Անոր պաշտօնական էջը յայտնած է․«Մամիկոն Ասլանեանին ճնշման կտրուկ տատանման պատճառով տեղափոխել են «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն»:
Յիշեցնենք, որ Մամիկոն Ասլանեանը Վանաձորը կը ղեկավարէր 2016 թուականէն, կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման ու պաշտօնէական կեղծիք կատարելու համար։ Ան կալանաւորուած է 16 դեկտեմբերի 2021-ին՝ Վանաձորի քաղաքապետի ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ։ Անոր գլխաւորած դաշինքը Վանաձորի աւագանիի ընտրութիւններուն ամենաշատ ձայները ստացած էր։