image

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունեց ՄԱԿ-ի եւ Գերմանական դրամատան միացեալ պատուիրակութիւնը

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունեց ՄԱԿ-ի եւ Գերմանական դրամատան միացեալ պատուիրակութիւնը

   Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան վերջերս ընդունեց Գերմանական զարգացման ներդրումներու հանրային դրամատան եւ ՄԱԿ-ի ծրագիրի ծառայութեանց գրասենեակի (UNOPS) միացեալ  պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Քլաուս Ֆորենտըրի եւ ՄԱԿ-ի նշեալ գրասենեակի շրջանային ղեկավար Լամի Քարիմի եւ համանուն գրասենեակի Լիբանանի պատասխանատու Ուութա Քնիպի:

 Այս մասին կը տեղեկանանք  Պէյրութի «Ազդակ»էն։

Քաղաքապետ Պօղոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ պարզեց շրջանի իրավիճակը, իրերայաջորդ տագնապներուն պարտադրած մարտահրաւէրներն ու զանոնք դիմակալելու եւ բնակիչներու հրատապ կարիքներուն ընդառաջելու կարողականութիւնը միաժամանակ` տեղական իշխանութեանց, թէ վարչական, ընկերային կամ զարգացման մակարդակներու վրայ:

ՄԱԿ-ի եւ գերմանական պատուիրակութիւնները նկատած են այս գծով օրինակելի մօտեցման ցուցաբերում ` զօրակցելու շրջանին եւ անոր բնակչութեան: Պատուիրակութեան անդամները ամբողջացուցած են շրջանի կացութեան եւ անոր կարիքներու տարողութեան իրենց  գնահատման հարցախոյզը, որուն լոյսին տակ  քաղաքապետութեան հետ պիտի համադրեն ձեռնարկուելիք նախաձեռնութիւնները:

Անոնք որոշած են կատարուած այդ հետազօտութեան հիման վրայ ստեղծել ճիգերու համադրումի եւ խորհրդակցութեան հոլովոյթ մը: