Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դարաւոր դպրեվանքի սաները մասնակից դարձած են Մեծ Պահքի շրջանին տեղի ունեցող հսկումի հոգեպարար արարողութեան։Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Դպրեվանքի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուցած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 15 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի սաները գլխաւորութեամբ իրենց Տեսչական Կազմին մեկնեցան Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին, ուր կատարեցին հսկումի խորհրդաւոր արարողութիւն:
Հսկումի հոգեպարար շարականներուն եւ աղօթքներուն, Դպրեվանքի սաներուն աղօթակից դարձաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։ Արարողութենէն ետք, խօսք առաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, Ինչպէս նաեւ ծխատէր Քահանայ Հօր՝ Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէմիրճեանին, թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան, Դպրեվանքի նկատմամբ իրենց ունեցած անսահման սիրոյն եւ ցուցաբերած խոր յարգանքին համար:
Օրուան Խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական սաներէն՝ Բարշ. Սերժ Սրկ. Քիւշերեան, որ իր քարոզին իբր բնաբան ընտրած էր. «Մեղքերդ ներուած են, Հաւատքդ քեզ փրկեց, խաղաղութեամբ գնա՛» (Ղկ. 7:50): Տիրացուն իր խօսքին մէջ շեշտեց գիտնալով մեր գործած մեղքերն ու յանցանքները, երթանք Քրիստոսի ոտքերուն եւ խոստովանինք զանոնք եւ ըսաւ. «Կարեւոր է, ժամանակակից մեր քաոսային կեանքին մէջ լսել Քրիստոսի քաղցր ձայնը, որ իբրեւ փարոս մեզ կ’առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը»։
Խորհրդածութենէն ետք, խօսք առաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ անդրադարձաւ պահեցողութեան շրջանին կարեւորութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան՝ հաւատացեալին կեանքին մէջ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու սաները։
Հսկումի արարողութենէն ետք, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը սեղանակից դարձաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան, պատրաստած սիրոյ սեղանին։ Ընթրիքի ընթացքին Դպրեվանքի տղաքը մթնոլորտը ճոխացուցին ազգային եւ հայրենասիրական երգերով։