image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Յիշատակուած է  վերջերս վախճանած Գերշ. Տ.  Գարեգին արք. Պեքճեանը 

Պոլսոյ մէջ. Յիշատակուած է  վերջերս վախճանած Գերշ. Տ.  Գարեգին արք. Պեքճեանը 

Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի վախճանման քառասունքին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Նաեւ այցելութիւն տրուած է հոգելոյս Գարեգին Արքեպս.ի Շիշլիի ազգային գերեզմանատան շիրիմին:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պատրիարքական Աթոռոյս երիցագոյն միաբան, հոգելոյս Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան վախճանման քառասունքին առթիւ յիշատակուեցաւ:

Նոյն առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 31 Դեկտեմբեր 2024, Երեքշաբթի առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էին Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերն ու քահանայից դասը, Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայից դասու եւ եկեղեցւոյ դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրկ. Թադէոս Շանթ Ուր. Դպ. Քարափէքմէզի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց Վարդանանց պատերազմի կարգախօս «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» բնաբանով:

Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ հոգելոյս Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի կեանքին, գործին եւ աշակերտներուն, հոգեւորականներուն եւ զինք բոլոր ճանչցողներուն թողած օրինակին: Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեց հոգելոյս Սրբազան Հօր ժպտուն դէմքը եւ յատկապէս գովեց անոր բարութիւնն ու հայրութիւնը եւ ըսաւ, որ հակառակ ամէն ինչի ան ծառայեց Աստուծոյ եւ Անոր Եկեղեցիին:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ հոգւոյն հոգելոյս Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Յետ միջօրէին, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ այցելութիւն տրուեցաւ հոգելոյս Գարեգին Արքեպս.ի Շիշլիի ազգային գերեզմանատան շիրիմին:

Քառասունքի գերեզմանատան կարգին եւս մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հարերը, քահանայից դասը, հանգուցեալ Սրբազան Հօր պարագաներն ու Ս. Խաչ Դպրեվանքի երբեմնի սաները:

Այստեղ, հանգուցեալի հողակոյտին շուրջ, հանդիսապետութեամբ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, կատարուեցաւ կանոնական քառասունքի կարգ:

Լուսանկար՝ ԼՐԱԲԵՐ