Պոլսոյ մէջ կայացած է հայրենի գրող, վիպագիր Սամուէլ Մհերեանի թրքերէնի թարգմանուած վէպի՝ «Yalnız Şahin» շնորհանդէսը: Այս մասին կը տեղեկնանաք մեր գործընկեր «Ժամանակ»էն:
Թերթի թղթակցութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է՝
«Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն վիպագիր Սամուէլ Մհերեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նշան Կիւրեղ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սամուէլ Մհերեան մեզի յայտնեց, որ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է, այժմ արհեստով կը զբաղի եւ ժամանակ կը յատկացնէ նաեւ գրական ստեղծագործութիւններու։ Ան մեզի նուիրեց «Եւ լոյս եղաւ» խորագրեալ պատմավէպը։
Բաց աստի, Սամուէլ Մհերեան մեզի նուիրեց նաեւ իր կողմէ հեղինակուած եւ Պետրոս Ճաւիքօղլուի կողմէ թրքերէնի թարգմանուած վէպը, որ «Yalnız Şahin» անունով գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է «Fam» հրատարակչատան կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Մհերեանի մասնակցութեամբ այսօր երեկոյեան ձեռնարկ մը նախատեսուած է Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։ Սա ձեւով մը պիտի ըլլայ իր նոր վէպին Իսթանպուլի շնորհանդէսը։
Այս առթիւ յաջողութիւն կը մաղթենք Սամուէլ Մհերեանի մասնակցութեամբ նախատեսուած ձեռնարկին համար»։