Իրաքի տարբեր ծուխերէն 12 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ առիթ ունեցան մասնակցելու համահայկական ուխտագնացութեան, որ նուիրուած էր Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հիմնադրութեան 25-րդ ամեակին «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագրի տակ։
«Արեւելք» վերահասու դարձաւ այս մասին Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Տնօրինութեամբ և հայրական օրհնութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Իրաքի տարբեր ծուխերէն 12 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ առիթ ունեցան մասնակցելու համահայկական ուխտագնացութեան, որը նուիրուած էր ՀԵՀԵՄ-ի հիմնադրութեան 25-րդ ամեակին «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագրի տակ։ ՀԵՀԵՄ ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցած է Յուլիս 2-7, որուն մասնակցած են շուրջ 300 եկեղեցասէր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Հայսատանէն եւ Սփիւռքի տարբեր հայ համայնքներէն։ Ուխտագնացութեան հանդիսաւոր բացումը կատարուած է Յուլիսի 3-ին՝ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեան եւ օրհնութեան խօսքով։ Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը արտայայտած է իր ուրախութիւնը՝ տեսնելով երիտասարդներու հաւաքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ եւ մղած զանոնք Խորացնելու իրենց հաւատքը առ Աստուած, վերանորոգելու իրենց կապը Սրբազան կեդրոնին հետ եւ իրենց նուիրումը՝ Մայր Հայրենիքին։
Ան իր խօսքին մէջ ըսած է <<...Որովհետեւ միայն մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքները պահպանելով՝ կարող ենք պահել մեր հայ ինքնութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանում եւ թէ՛ Սփիւռքին մէջ»։ Ուխտագնացութեան առաջին երկու օրերուն, ՀԵՀԵՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակը կազմակերպած է կրթական ծրագիր մը՝ «Քրիստոնէական ընտանիքը՝ որպէս հայ ինքնութեան խարիսխ» խորագիրով։ Ուխտագնացուները այցելած են Հայաստանի բազմաթիւ սրբավայրեր Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի թեմերուն մէջ։ Այցելութիւններու բարձրակէտն եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ուր երիտասարդները մասնակցած են Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցած է ԱՄՆ Հայոց Արևմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս ՏԷրտէրեանը, որ նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի ընդհանուր պատասխանատուն է։ Ուխտագնացութեան աւարտին, բոլոր երիտասարդները ստացած են մասնակցութեան վկայագիրեր։