image

Պոլսոյ մէջ. Հայ մամուլի «Անյայտ զինուոր» Մկրտիչ Կիւլլապեանի կորուստը

Պոլսոյ մէջ. Հայ մամուլի «Անյայտ զինուոր» Մկրտիչ Կիւլլապեանի կորուստը

Պոլսոյ մէջ. Հայ մամուլի «Անյայտ զինուոր» Մկրտիչ Կիւլլապեանի կորուստը 

Հայաշխարհի մէջ թերթ հրապարակելն ու մամուլ պահել ինչ որ չափով առաքելութիւն է։

 Առաքելութիւն, որուն հիմնական «բեռ»ը կը դրուի այն նուիրեալ մարդոց ուսերուն, որոնք թերթին հետ կապուած գործերն ու աշխատանքները կը կատարեն ամբողջական նուիրումով։

 Այս առումով ալ յստակ է անշուշտ, որ իւրաքանչիւր գաղութի-համայնքի մէջ կան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք իրենց գաղութներու թերթերուն համար կարեւոր աշխատանքներ կը կատարեն, ոչ թէ  միայն նիւթական ապահովելու մտադրութեամբ, այլ մեծ հաշուով առաքելութիւն մը յառաջ տանելու մտադրութեամբ։ 

Այս տողերը թուղթին տուինք իմանալէ ետք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթի նուիրեալ անուններէն՝ Տիար  Մկրտիչ Կիւլլլապեանի մահուան բօթը։

Կը ցաւակցինք այս կորուստին համար եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Ժամանակ»ի հրապարակած մահագրութիւնը։

«Արեւելք»

 

Խոր ցաւով կը հաղորդենք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքիս մէջ հայ մամուլի երկարամեայ վաստակեալներէն մին, որ շուրջ քսան տարի եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ցրուիչը։ Ոչ եւս է Մկրտիչ Կիւլլապեան, որ իսկական նուիրեալ մըն էր ու մեծ զոհողութիւններով ապահոված էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները կարողանան ամէն օր կանոնաւոր ձեւով ունենալ իրենց հարազատ թերթը։

Մկրտիչ Կիւլլապեան Կէտիկփաշայի երբեմնի Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտներէն էր։ Արհեստավարժ կեանքի մէջ հանգստեան կոչուելէ անմիջապէս վերջ, միացած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին եւ քսան տարի ամէն օր թերթ բաժնած էր Գումգաբու, Սամաթիա, Ետիգուլէ, Պաքըրգիւղ եւ Եշիլգիւղի ուղղութեան վրայ։ Մասնաւորապէս համավարակի շրջանի ծանր պայմաններուն ներքեւ ան մեծ հետեւողականութիւն ցուցաբերած էր, որպէսզի թերթիս ընթերցողները չզրկուէին հաղորդակցութեան հնարաւորութենէ։ Անցեալ նոյեմբերին ան աւարտած էր իր գործունէութիւնը։ Դժբախտաբար, հանգստեան կոչուելէ անմիջապէս վերջ, իր առողջական վիճակին մէջ արձանագրուեցան վերիվայրումներ։ Վերջին շուրջ երեք ամիսներուն ան բաւական ծանր վիճակի մէջ շրջեցաւ հիւանդանոցէ հիւանդանոց, այցելեց զանազան մասնագէտներու, սակայն, հազար ափսոս, որ միջամտութիւններէն որեւէ մէկը բաւարար չեղաւ իր առողջական վիճակը կայունացնելու համար։ Այս բոլորէն վերջ, երբ հերթական անգամ շտապօգնութեան ինքնաշարժով հիւանդանոց փոխադրուած էր, Մկրտիչ Կիւլլապեան չկարողացաւ տակաւին երկար դիմանալ եւ կնքեց իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր միակ դուստրն ու սիրելիներու շրջանակը։ Ան համակրանք ու յարգանք կը վայելէր իր շրջանակէն ներս՝ բարի բնաւորութեամբ եւ լուռ ու մունջ աշխատանքով։

Այս տխուր առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր դստեր՝ ուսուցչուհի Էլիզապէթ Կիւլլապեանի եւ բոլոր սիրելիներուն։