Պոլսոյ համայնքային շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող Տօքթ. Արտաշէս Նշանեան օրերս նշած է իր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը։
Այս մասին կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը, որուն պատուակալ աշխատակիցներէն կը հանդիսանայ 100-ամեայ պոլսահայ բժիշկը։
Ստորեւ այդ մասին լոյս ընծայուած թղթակցութիւնը`
«Մարմարա»-ի պատուակալ աշխատակից, Տօքթ. Արտաշէս Նշանեան 100 տարեկան է։ Իր դարադարձի օրը 28 Յունիսին է եւ մեծ բախտաւորութիւն է որ ան դեռ կեանքով լեցուն է ու մտքով արթուն։
Նախընթաց օր Կիրակի, Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցաւ Արտաշէս Սրկ. Նշանեանի դարադարձը, յատուկ ընդունելութեամբ մը։ Տրուած ըլլալով որ ան երկար տարիներ որպէս սարկաւագ ծառայած էր այդ եկեղեցւոյ մէջ, հաւաքոյթի համար ընտրուեցաւ այդ յարկը։
Դարադարձի հաւաքոյթի մասին տեղեկութիւնները մեզի փոխանցեց եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի, Նշանեան ընտանիքի մերձաւորներէն Թամար Կայսերեան։
Մօտաւորապէս 120 հոգի մասնակցեցաւ մեծարանքի ընդունելութեան եւ ջերմօրէն շրջապատեց յոբելեարը։ Գործադրուեցաւ յայտագիր մը։ Արտաշէս Նշանեանի որդին՝ Արեգ Նշանեանը համով-հոտով խօսակցութեամբ մը ներկայացուց իր հօր կենսագրական գիծերը, սկսելով ծնունդէն եւ հասնելով մինչեւ դարադարձի այս փառաւոր հանգրուանը։ Մինչ ան կը խօսէր, պաստառի վրայ լուսանկարներ կը տողանցէին ու պատմութիւն դարձած կը շաղկապուէին Արտաշէս Նշանեանի ու իր ընտանիքին հետ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարաններու ուսումնառութենէն ետք Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէ, այնուհետեւ սարկաւագ ձեռնադրութիւն, յետոյ Ամերիկա մեկնում, յետոյ ինքնազարգացումով, եկեղեցւոյ սպասաւորութեամբ, թանկարժէք քարերու ուսումնասիրութեամբ արգասաւորուած կեանք մը որ խտացած էր մեծարեալի մարդկային տեսակին մէջ ու եղած իւրօրինակ պատում մը։
Ելոյթ ունեցողներէն առաջինը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ հայ լեզուի վարժարանի տնօրէնուհի Էլիզապէթ Օտապաշըն էր որ արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ն ու Զապէլ Ասատուրի «Եթէ Աստուած հայր չէ, մայր ըլլար»ը։ Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Մկըրեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, իսկ եկեղեցւոյ քարտուղարուհի Մարօ Ժամկոչեան կարդաց Տիկին Զարմինէ Պօղոսեանի կողմէ գրի առնուած բանաստեղծութիւն մը (աքրոսթիշ) ձօնուած յոբելեարին։
Քանի որ Արտաշէս Նշանեան տարիներ առաջ պաշտօնավարած էր Դպրեվանքի մէջ, Դպրեվանքէն իր նախկին չորս աշակերտներ ալ ներկայ էին։ Անոնցմէ Մանուկ Այտըն խօսեցաւ Անատոլուէն Իսթանպուլ գալու եւ Դպրեվանքի սան ըլլալու տարիներու մասին, ներկայացնելով ուսուցիչ Արտաշէս Նշանեանը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան կարդաց երկու «Օրհնութեան գիրեր», որոնցմէ առաջինը Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի կողմէ յղուած էր, երկրորդը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Արք. Մաշալեանի կողմէ ղրկուած էր (Այս գիրը կարդալ Դ. էջին վրայ)։
Ջութակահարուհի Տիանա Վասիլեան հեշտալուր մեղեդիներ նուագեց, յետոյ նուագելու հետ միասին վալս մը պարեց Արտաշէս Նշանեանի հետ։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կտրուեցաւ դարադարձի կարկանդակը. մեծարեալը շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսքեր ուղղեց կազմակերպիչներուն։