image

Պոլսոյ Գատըգիւղի Ունճեան վարժարանի Ամանորեայ հանդէսը

Պոլսոյ Գատըգիւղի Ունճեան վարժարանի Ամանորեայ հանդէսը

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը Նոր տարին դիմաւորած է Կաղանդի հանդէսով, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Գատգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հասաւ Նոր Տարի մը եւս, անցան 2024 թուականի 366 օրերը եւ տեղ գրաւեցին բոլորի յուշերուն մէջ։ Համայն աշխարհ օրերէ ի վեր զանազան միջոցառումներով ու ներկայացումներով կը պատրաստուի Ամանորին։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ամէն տարուան պէս այս տարի եւս վարժարանի մուտքի տօնածառը զարդարելու առաջնահերթութիւնը տուաւ երեք մանկապարտէզներու սաներուն, որոնք հրճուանքով զարդարեցին տօնածառը։ Յետոյ զարդարուեցաւ լման վարժարանը եւ միեւնոյն ատեն պատրաստութիւնները սկսան կաղանդի հանդէսին։

Նոր Տարուայ հանդէսը իրականացաւ 27 Դեկտեմբեր Ուրբաթ Արամեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ։

Հանդէսի բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհին Թալին Պէրպէրօղլու։ Ան հրաւիրեալներուն եւ աշակերտներուն մաղթեց առողջութիւն, յաջողութիւն եւ արեւշատ օրեր։ Խնդրեց աշակերտներէն որ կանոնաւոր աշխատութեամբ, իրարու հանդէպ սէր ու յարգանք ցոյց տալով համերաշխ եւ արդիւնաբեր տարի մը անցընեն։ Ծնողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց զաւակներու եւ վարժարանի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեանց համար։

Ապա շնորհաւորեց բոլորի Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։

Տօնակատարութիւնը մանկապարտէզներու հանդէսով սկսաւ։ Ա., Բ., Գ. մանկապարտէզներու սիրունիկ աշակերտները, բեմ ելան գունաւոր եւ աչքառու զգեստներով որոնք հմայեցին հրաւիրեալները։ Աշակերտները ոտանաւորներ արտասանեցին, նախադասութիւններով նոր տարւոյ մասին տեղեկութիւններ տուին, պարեցին, հայերէնով եւ անգլերէնով կաղանդի երգեր երգեցին։

Աշակերտներուն անհամբերութեամբ սպասած Կաղանդ Պապան հասաւ ճիշդ ժամուն եւ բաժնեց տղոց նուէրներ յետոյ խրատներ տալով մեկնեցաւ։

Հանդէսը վարեց ուսուցչուհի Նելլի Պասմաճեան։ Հանդէսը պատրաստած էին ուսուցիչներ՝ Այլին Միրիճանեան, Դալար Սինանօղլու, Մելիսա Տէմիրճի, Գլարա Լամպաճեան, Էլիզապէթ Պէլէք, Այլին Քէշիշօղլու, Հրանդ Չիզմէճեան, Նուրիձա Տէղիրմէնճի։

Կէսօրէ ետք կատարուեցաւ հանդէսին երկրորդ բաժինը։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաներն ալ յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց յայտագիրը։

Պարերու ներկայացումով բեմ ելաւ վարժարանին պարախումբը։

Նոր տարուայ ներկայացման յայտագիրը վերջացաւ երգչախումբի ելոյթով։ Հանդիսութեան խօսնակներն էին՝ Տարէն Օսեփեան եւ Վանէսսա Ըրկաւ։

Ներկայ էին ծնողներ, ուսուցիչներ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն Կարօ Պալեան, Արսէն Թօքաթլը, Արի Պիլալ, Ֆըրաթ Ըրկաւ եւ Արման Չօպանօղլու։

Հանդէսը պատրաստած էին ուսուցիչներ՝ Այլին Եսայեան, Թամայ Ուլուքօղլու, Վերա Հէմէնկիւլ, Մելիս Սօլաքօղլու, Էլիզապէթ Քապէ, Թամար Մանկասար, Աննա Սարը Սեչկին, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Էսրա Էօզալբ, Քրիստին Տէլլալօղլու։

Հանդէսէն ետք տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։