image

Պոլսահայ ուխտաւորներու այցը՝ Գուգարաց Թեմ

Պոլսահայ ուխտաւորներու այցը՝ Գուգարաց Թեմ

Պոլսահայ ուխտաւորներու մեծ խումբ մը, որոնք Հայաստան մեկնած են Մայր Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան մասնակցելու համար, այցելած են Գուգարաց թեմ, ուր երկար տարիներ որպէս Առաջնորդ ծառայած էր Երանաշնորհ Սեպուհ Արք. Չուլճեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Պոլսահայ ուխտաւորներու մեծ խումբ մը Հայաստան մեկնած է շաբաթավերջի կարեւոր իրադարձութիւններուն՝ Մայր Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան մասնակցելու համար։

Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի Դիմատետր-ի էջէն կը տեղեկանանք որ ուխտաւորները երէկ, իր եւ իր հօր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ այցելեցին Գուգարաց թեմ, ուր երկար տարիներ որպէս Առաջնորդ ծառայած էր Երանաշնորհ Սեպուհ Արք. Չուլճեան։

Ուխտաւորները թեմի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Նարեկացի մայր եկեղեցի գացին, հանգստեան աղօթքով ոգեկոչեցին յիշատակը Սեպուհ Սրբազանի, որ թաղուած է Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ։

Այցելութիւնը առիթ դարձաւ որ ներկաները մօտէն ծանօթանան Երանաշնորհ Սրբազանի գործունէութեան ու վայելեն Առաջնորդարանի համալիրը։ Անոնք նաեւ իրազեկ դարձան թեմակալ Առաջնորդ՝ Յովնան Սրբազանի ծրագիրներուն։