image

Մէկ տարուան ընթացքին ռուս խաղաղապահները 4000 հայ ուխտաւորներու ուղեկցած են

Մէկ տարուան ընթացքին ռուս խաղաղապահները 4000 հայ ուխտաւորներու ուղեկցած են

Աւելի քան 4000 ուխտաւոր այցեած էլ Լեռնային Ղարաբաղի Ամարաս եւ Դադիվանք վանական համալիրներ՝ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրենց գործունէութեան մէկ տարուան մէջ ապահոված են աւելի քան 4000 ուխտաւորի այցելութիւն Ամարաս եւ Դադիվանք, որոնք տեղակայուած են սահմանազատման գիծի երկայնքով: Խաղաղապահները աւելի քան 80 անգամ ուղեկցած են ուխտաւորներուն՝ մասնակցելու կիրակնօրեայ պատարագին», ըսած է խաղաղապահի զօրակազմի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Փոսթնիքովը: