Մարտ ամսուն 2 շաբաթ կապ չենք ունեցած Դադիվանքի հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող հոգեւորականներուն հետ, հիմա այս հարցը կարգաւորուած է։ Այս մասին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․Վրթանէս եպս. Աբրահամեան։
«Հայ հոգեւորականներն իրենց ծառայութիւնն են մատուցում։ Սակայն ուխտաւորների այցը շարունակում է կասեցուած մնալ։ Մենք դիմել ենք, որ եթէ հնարաւոր լինի, Զատիկին ուխտագնացութիւններ կազմակերպենք, որ գնան պատարագի մասնակցեն»,- ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդը։
Նշուած է, որ հայ ուխտաւորները Մայիսէն ի վեր չեն կրնար մտնել Դադիվանք։ Մինչ այդ անոնք խումբերով, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ'այցելէին Դադիվանք, բայց հետզհետէ ատրպէյճանցիները դժուարացուցին հայ ուխտաւորներու մուտքը Դադիվանք։ 2021-ի Հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ–ն հանդիպած էր Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա Պատրիարքի եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդի հետ եւ բարձրաձայնած հայ հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու այցերը Դադիդավանք վերսկսելու հարցի շուրջ։ Ուխտագնացութիւններու վերականգնման շուրջ եռակողմ բանակցութիւններ կ'ընթանային, սակայն այդ հանդիպումէն երեք ամիս անցած ալ հայ ուխտաւորները չեն կրնար այցելել Դադիվանք։
Լուրը NEWS.am-էն: