Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային գործիչ՝ Տիգրան Պարըն։
Այս մասին վերահասու դարձանք «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ այս մասին ալ տուած է հակիրճ մահագրական մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը, մեր ընթերցողներուն յիշեցնելով, որ հանգուցեալը՝ եղբայրն է Պոլսոյ հայոց համայնքի յարգուած եւ վարչարար գործիչներէն՝ Վազգէն Պարընին։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս Տիար Վազգէն Պարընին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին մեր պաշտօնակից թերթին լրատւութիւնը
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Տիգրան Պարըն։ Դժբախտաբար, ան վերջին շրջանին յառաջացած առողջական բարդութիւնները ափսոս այնպիսի կէտի մը հասած են, որ բժիշկները չեն կրցած փրկել Տիգրան Պարընի կեանքը։
Տիգրան Պարըն Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն էր։ Արհեստավարժ կեանքէն ներս համբաւ ձեռք բերած էր՝ որպէս մուշտակի վարպետ։ Համայնքային շրջանակներէ ներս եւ ընկերային կեանքի մէջ կը վայելէր յարգանք ու համակրանք։ Եղբայրն էր Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներէն Վազգէն Պարընի։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իրեն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք համայն իր ընտանիքին՝ մասնաւորապէս մեր սիրելի բարեկամ Վազգէն եւ Նուարդ Պարըններուն։