Պոլսոյ հայկական համայնքին համար առինքնող ամառային հաւաքավայր մը կը շարունակէ մնալ Գնալը կղզին, ուր հարիւրաւոր հայորդիներ կ՚անցընեն իրենց ամառնային հանգիստը եւ արձակուրդային օրերը։ Այս առումով ալ հայաշունչ կղզիին մէջ իւրայատուկ դիրք ու տեղ կը գրաւէ հայ պատանիներուն համար երանգ եւ շունչ բերող «Կազդուրման կայան»ը, որ վերջին երկու տարիներուն փակած էր իր դռները։ Այդ կայանը կարիքն ունի վերանորոգումի եւ ամրացման աշխատանքներու, որուն մասին ալ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած է Գարակէօզեան Խնամակալութեան ընդհանուր քարտուղար, փաստաբան Սարօ Պէնկլեան։
Այս բոլորին մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Գնալըի Կազդուրման Կայանը այս տարի պիտի բացուի՞ թէ ոչ, անապահով ընտանիքներու զաւակները պիտի կարենա՞ն ամառնային իրենց արձակուրդը անցընել հայաշատ կղզիի իրենց գուրգուրոտ «ովասիս»ի մէջ, կղզեցիները պիտի լսե՞ն մանուկներու ուրախ պոռչտուքը կամ հոս ու հոն պիտի տեսնե՞ն այդ մանուկներն ու պատանիները, որոնք Գնալըի խորհրդանիշերէն մէկն են երկար տարիներէ ի վեր։
Ծանօթ է որ Կազդուրման կայանը 2023ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ստիպուեցաւ փակել իր դռները, որովհետեւ շէնքային պայմանները թոյլատու չէին ճամբարը բաց պահելու համար։ Պատկան մարմինները տղոց կեանքի ապահովութեան համար փորձագիտական քննութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ չարտօնեցին ո՛չ միայն որ ճամբարը բացուէր, այլ նաեւ ամրացման կամ վերանորոգութեան աշխատանք կատարուէր ճամբարի համալիրին մէջ։
Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը երկու տարիէ ի վեր կը սպասէր համապատասխան արտօնութիւններուն, այսինքն իրաւական ու պիւրոքրաթիք հարցերու հանգուցալուծման։
Անցեալ տարի գարնան ամիսներուն այս նիւթի շուրջ հարցազրոյց մը ունեցած էինք Խնամակալութեան ընդհանուր քարտուղար, փաստաբան Սարօ Պէնկլեանի հետ։ Ան յոյս յայտնած էր որ անհրաժեշտ արտօնութիւնները պիտի ստանային եւ պիտի կարենային 2024-2025 տարեշրջանի աշնան, ձմրան եղանակներուն իրականացնել վերանորոգութիւնն ու շէնքերու հիմերու ամրացումը։ Բայց...։ Ակնկալութիւնները չիրականացան եւ կարելի չեղաւ սկսիլ նորոգութեան աշխատութիւններուն։
Ամառը եկաւ եւ մենք այս անգամ ալ հետաքրքրուեցանք զարգացումներով։ Պր. Սարօ «համայնքին ուղղեալ մամլոյ հաղորդագրութեամբ» մը ըրաւ հետեւեալ լուսաբանութիւնները։ Այդ յայտարարութիւնները թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.-
Մեր համայնքին հետ կը բաժնենք ուրախ լուր մը։
Ինչպէս ծանօթ է, Գնալըի Կազդուրման Կայանը բնակավայր մըն է, որ կը բաղկանայ չորս անջատ հողամասերու վրայ կառուցուած շէնքերէն։ Այս շէնքերը կալուածներու արձանագրութիւններու մատեանին մէջ գրանցուած են որպէս յարակից կառոյցներ։
Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր բծախնդիր ու մանրակրկիտ աշխատանք կ’իրականացնէր իրաւական ու վարչական խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ, որպէսզի այս հողատարածքի վրայ կարենայինք ձեռնարկել ամրացման ու վերանորոգութեան գործին։
Հիմա ահաւասիկ կ’աւետենք որ մեծ յառաջընթաց մը արձանագրուած է։ Մեր Խնամակալութիւնը ձեռք բերած է բոլոր հողամասերու միակ սեփականատիրոջ իրաւունքը։ Բացի ատկէ, համապատասխան հողամասերու արձանագրութիւններու մատեաններուն մէջ բոլոր սահմանափակումները չեղեալ նկատուած են։ Կայանի շէնքերու համալիրին շնորհուած է լիովին անվճար կարգավիճակ՝ առանց իրաւական որեւէ սահմանափակման։
Այս բարենպաստ զարգացման շնորհիւ այլեւս որեւէ խոչընդոտ չկայ՝ ամրացման ու վերանորոգութեան շինարարական աշխատանքներուն սկսելու համար։ Այդ գործընթացը երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էր, բայց կը սպասէինք իրաւական խնդիրներու լուծման։
Ամառնային շինարարական աշխատանքներու աւարտէն եւ վարչական անհրաժեշտ արտօնութիւնները ստանալէ ետք նպատակադրած ենք Հոկտեմբերին արագօրէն ձեռնարկել աշխատութիւններու եւ կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի մէջ աւարտին հասցնել այս կենսական նախագիծը։
Այս առիթով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան, որ միշտ զօրավիգ կանգնեցաւ մեր ծրագիրներուն եւ մեզի հետ համագործակցեցաւ ներդաշնակ աշխատութեամբ մը։
Կը լուսաբանենք համայնքը եւ կը յայտնենք որ վճռակամ ենք՝ մեր ջանքերուն մէջ։