image

Պոլիս.«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւններու գրական համատեղ ծրագիր

Պոլիս.«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւններու գրական համատեղ ծրագիր

Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները, որոնք հայ եւ հրեայ համայնքներու մտաւորական պաշարը արժեւորելու ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալեն, օրերս կազմակերպած են գրական համատեղ ծրագիր մը՝ տարբեր թեմաներով գարական ասուլիսներ, որոնք եզրափակուած են համերգով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները, որոնք հայ եւ հրեայ համայնքներու մտաւորական պաշարը արժեւորելու ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալեն, կը խորացնեն նաեւ համատեղ ծրագրեր կեանքի կոչելու աւանդութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ՝ վերջին տարիներուն նախընթացը ձեւաւորուած գարնան խրախճանք-տօնավաճառը։

Քուրթուլուշի մարզակումբի դահլիճէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ «Թուրքիոյ թատրոնի պատմութեան հայ դերասանները» խորագրեալ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Նեսիմ Ովատիա Իսրայիլ, Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ տքթ. Պարգեւ Պալըմեան։ Հարկ է նշել, որ «Արաս» վերջերս լոյս ընծայած է այս վերջնոյն կողմէ հեղինակուած դերասանուհի Արուսեակ Փափազեանի վերաբերեալ գիրք մը։ Ասուլիսը վարեցին Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Նեսրին Ուչարլար։

Երէկ ալ «Երթանք Թաթավլա. պտոյտ մը Քուրթուլուշի պատմութենէն ցայսօր» խորագրեալ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ՝ Մելթեմ Օրալի մականին ներքեւ։ Ատենախօսն էր Հիւսէյին Ըրմաք։

Երկու հրատարակչութիւններու համատեղ նախաձեռնութեան եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին ներկաները ունկնդրեցին՝ Նորա Իփեքճիի, Արթուն Արծիւեանի եւ Արեգ Սիւզմէի եռեակի ձեւաչափով կատարումներուն։