image

Պրազիլիոյ նախագահը պիտի ընտրուի երկրորդ փուլով

Պրազիլիոյ նախագահը պիտի ընտրուի երկրորդ փուլով

Պրազիլիոյ նախկին նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա տա Սիլվան նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին առաջ անցնած է գործող ղեկավար Ժայիր Պոլսոնարուէն. երկու թեկնածուներն ալ պիտի հանդիպին քուէարկութեան երկրորդ փուլին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:

Ձայներու 99,9 տոկոսի հաշուարկէն ետք Լուլա տա Սիլվան հաւաքած Է ձայներու 48,40 տոկոսը, Պոլսոնարուն՝ 43,22 տոկոսը: Քանի որ թեկնածուներէն ոչ ոք կրցած է հաւաքել ձայներու 50 տոկոսէն աւելին, պիտի կայանայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ: Այն պիտի կայանայ 30 հոկտեմբերին:

2 Հոկտեմբերին Պրազիլիոյ մէջ կայացած են համընդհանուր ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին աւելի քան 156 միլիոն պրազիլացիներ ընտրած են նախագահ, նահանգապետներ, խորհրդարանականներ, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: