ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, պատասխանելով Sputnik Արմենիայի հարցման, հաստատած է Սիւնիքի մարզին` Վարդասար կոչուող բարձունքի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական զօրքերու եւս մէկ յառաջխաղացման փաստը:
Կայքը կը յիշեցնէ, որ Մայիսի սկիզբը գրած էր, որ ատրպէյճանական Զու-ն/սահմանապահները դեռ մօտ մէկ տարի առաջ Հայաստանի տարածքին զգալիօրէն աւելի հարաւ շարժած են Վարդասարի հատուածին մէջ:
Դիրքերու տեղակայման տարածքներու մասին տեղեկութիւնը համընկա էր ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանի հրապարակած տուեալներուն հետ: Ան Ապրիլին ՀՀ տարածքին մէջ Ատրպէյճանի Զու-ի տեղակայման փոխգործօն քարտէզ հրապարակած էր, որուն մէջ կ'երեւէր, որ Ներքին Հանդ գիւղի մերձակայքէն բացի, դիրքեր տեղակայուած են նաեւ Ծաւ գիւղէն դէպի հարաւ:
Սակայն այն ժամանակ Sputnik Արմենիայի հարցման ի պատասխան ՊՆ-էն վստահեցուցած էին, որ Ծաւ գիւղին կից տարածքներուն մէջ ատրպէյճանական դիրքեր չկան եւ չեն եղած:
Աւելին` հարցին, թէ կա՞ն արդեօք Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներխուժման այլ շրջաններ, բացի Գեղարքունիքի Վարդենիս (Կութ, Վերին Շորժայ եւ այլն) համայնքէն, Սիւնիքի Սեւ լիճ, Իշխանասար եւ Ներքին Հանդ բնակավայրերէն, ՊՆ-էն յայտնած էին, որ բացի Հայաստանի տարածք ներխուժելու նախկին դէպքերէն, այլ դէպքեր չեն արձանագրուած:
Ուսումնասիրելով արբանեակային քարտէզները` կայքը որոշած է կրկին հարցում ուղարկել ՊՆ` ներկայացնելով արբանեակէն կատարուած լուսանկարն ու նշելով Վարդասարի մօտակայքին իրականացուած ճարտարապետական աշխատանքներու շրջանները եւ խնդրած է պարզաբանել` լուսանկարին մէջ ատրպէյճանական դիրքե՞ր են, թէ՞ ոչ:
«Սլաքներով նշուած կէտերում հակառակորդի մարտական դիրքերը տեղադրուել են 2021 թուականի Մայիս-Յունիս ամիսներին», պատասխանած են ՊՆ–էն: