Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու երկինքին մէջ օդապարիկի խոցման միջադէպին, Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինը «բռնապետ» անուանած է։ Այս մասին գրած է Reuters-ը։
Նախօրէին Քալիֆորնիոյ մէջ ելոյթի ժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «լրտեսական սարքաւորումներով օդապարիկի» խոցումէն ետք Չինաստանի առաջնորդի վրդովմունքի պատճառն այն էր, որ Սի Ծինփինը «չէ գիտցած, որ այն (օդապարիկը- խմբ.) այնտեղ գտնուած է»։
«Մեծ ամօթ է բռնապետներու համար, երբ անոնք չեն գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Այդ պէտք չէ տեղի ունենար այնտեղ: Օդապարիկը շեղած էր ուղիէն», - Պայտընի խօսքերը մէջբերած Reuters-ը։
Յատկանշական է, որ ընդամէնը մէկ օր առաջ ամերիկացի առաջնորդը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի յարաբերութիւնները «ճիշդ ուղիի վրայ են», եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Սի Ծինփինի հանդիպումը Փեքինի մէջ նպաստած է առաջընթացին։