image

Պլինքըն Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք գրառում կատարած է

Պլինքըն Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք գրառում կատարած է

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն թուիթըրեան իր էջին անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին։

«Այսօր խօսած եմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ վերահաստատած ԱՄՆ յանձնառութիւնը՝ օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հասնիլ կայուն խաղաղութեան։ Դիւանագիտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհն է»,- գրած է ան։

Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան  20 մարտին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր քննարկած է Էնթընի Պլինքընի հետ, ԱՄՆ պետական քարտուղարը վերահաստատած է Լաչինի միջանցքն անյապաղ վերաբանալու մասին իր կոչը։