Երեքշաբթի լոյս չորեքշաբթի գիշերը ռուսական զօրքերը անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու համակցուած հարուած հասցուցած են Խարքովին եւ անոր արուարձաններուն, գրանցուած է չորս հրդեհ, կայ մէկ տուժած, յայտնած են փրկարարները։
Անօդաչու թռչող սարքերու նոր յարձակման ենթարկուած է նաեւ Օտեսան, որու հետեւանքով վնաս հասցուած է քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն, այդ շարքին՝ բնակելի շէնքերու, յայտնած է տարածաշրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավարը։
Երեքշաբթի լոյս չորեքշաբթի գիշերը Ռուսիան հարուածած է նաեւ Սումիի մարզի մէջ կենսաէթանոլի արտադրութեան գործարանը, առաւօտեան յայտնած է տարածաշրջանային ռազմական վարչութիւնը։ Հաղորդագրութեան համաձայն՝ գործարանը հարուածած է 12 անօդաչու թռչող սարք։
«Արկղերը վնասուած են, բարեբախտաբար, զոհեր չկան: Ձեռնարկութեան տարածքէն բացի, վնասուած են մօտ 10 մասնաւոր տուներ»,-յայտնած են վարչակազմէն։