Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի օդատիեզերական ուժերը երկուշաբթի առաւօտեան Իսրայէլի վրայ յարձակման ընթացքին օգտագործած են գերձայնային հրթիռներ, կը հաղորդէ Իրանի պետական Tasnim լրատու գործակալութիւնը։
«Իրանի կողմէ այսօր առաւօտեան Իսրայէլի վրայ իրականացուած հրթիռակոծումը նախորդներէն կը տարբերէր գերձայնային հրթիռներու աւելի աշխուժ օգտագործմամբ։ Ինչպէս կ’երեւի լրատուամիջոցներուն հրապարակած պատկերներէն, կարելի է հասկնալ, որ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի օդատիեզերական ուժերը նկատի առած են երկու կարեւոր հարց՝ հրթիռներու կործանարար ուժի եւ արագութեան մեծացումը։ Այսօրուան գործողութեան ընթացքին առնուած են քանի մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՚երեւին Թել Աւիւի եւ Հայֆայի մէջ թիրախները հարուածող գերձայնային հրթիռները, եւ այդ կը փաստէ, որ այդ հրթիռները հեշտութեամբ անցած են Իսրայէլի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու միջով եւ հարուածած թիրախները»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Tasnim-ը կը յայտնէ, թէ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի օդատիեզերական ուժերը հաւանաբար շատ աւելի յաճախ ու մեծ քանակութեամբ պիտի սկսին օգտագործել գերձայնային հրթիռներ՝ Իսրայէլի դէմ յարձակումներու ժամանակ։ Գործակալութիւնը կը կարծէ, թէ այսպիսի յարձակումները «Իսրայէլը պիտի դնեն բարդ կացութեան մէջ՝ պատերազմը շարունակելու գծով»։