image

Պիտի չփակենք օդը, որ համաշխարհային պատերազմի չերթանք. Գերմանիոյ ԱԳ

Պիտի չփակենք օդը, որ համաշխարհային  պատերազմի չերթանք. Գերմանիոյ ԱԳ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար՝ Աննալենա Պերպոք յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ն չի փակեր Ուքրանիոյ երկինքը, քանի որ այդ կը նշանակէ ռազմական հակամարտութեան մէջ մտնել Ռուսաստանի հետ։ Այս մասին քաղաքական գործիչը յայտարարած է գերմանական ARD հեռատեսիլային ալիքի եթերով, մէջբերած է Ukrinform-ը։

«Այս կը նշանակէ, որ ՆԱԹՕ-ի օդանաւները պիտի կրակեն ռուսական օդանաւներուն վրայ, եւ այդ կը նշանակէ ՆԱԹՕ-ի անմիջական մասնակցութիւն հակամարտութեան: Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր սեփական բնակչութիւնը», - ըսած է Պերպոք:

Ան նշած է, որ դաշինքը պատասխանատու է միլիոնաւոր եւրոպացիներու կեանքին համար եւ չի կրնար վտանգի դիմել, որ Ուքրանիոյ պատերազմը տարածուի այլ երկիրներ եւ վերածուի երրորդ համաշխարհային պատերազմի։

Միեւնոյն ժամանակ նախարարը ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքիի կշտամբանքները «կը հարուածէ ուղղակի սրտին»։

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ վերջին օրերու իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Փութինի համար «կարմիր գիծեր» չկան, ուստի ՆԱԹՕ-ն պէտք է ամրապնդէ իր արեւելեան սահմանները, որպէսզի կարողանայ պաշտպանել իր դաշնակիցները։ Ան աւելցուցած է, որ Գերմանիան կ'աջակցի Լեհաստանի կողմէ Ուքրանիոյ խորհրդային օդանաւներու տեղափոխման։