image

Պիտի բանակցինք «Թալեպ»ներուն հետ. Սերկէյ Լաւրով

Պիտի բանակցինք «Թալեպ»ներուն հետ. Սերկէյ Լաւրով

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կարծիքով` գրեթէ բոլոր երկիրներու ղեկավարները ստիպուած պիտի ըլլան խօսիլ «Թալեպան» շարժման հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին նախարարը յայտարարած է ժամանակակից լրագրութեան վերաբերող համաժողովի ժամանակ:

««Թալեպան»-ի հետ բոլոր երկիրները անխուսափելիօրէն պէտք է խօսին», – յայտարարած է Լաւրովը:

Նախարարի խօսքով՝ թալեպներու՝ Աֆղանիստանի մէջ իշխանութիւնը բռնազաւթելու մտադրութիւն չունենալու մասին յայտարարութիւնները Ռուսաստանը կ'ընդունի ի գիտութիւն եւ ամէն կերպ կը խրախուսէ: