Հայկական ծաղիկներն արդէն կ՚արտահանուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը՝ դիմատետրի իր էջին կատարած գրառման միջոցով։
«Հայկական ծաղիկները մտան ԱՄԷ շուկայ, մասնաւորապէս Տուպայ։ Այս գործը «գլուխ բերելու» համար յատուկ շնորհակալութիւն ԱՄԷ-ում ՀՀ դեսպանի տնտեսական գծով խորհրդական Հայկ Մխիթարեանին»,- գրած է նախարարը՝ կից հրապարակելով լուսանկարներ։