Լրագրողները Քազանի մէջ «Պրիքս»-ի գագթնաժողովի շրջածիրէն ներս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձեռքին նկատած են «Պրիքս»-ի միասնական արժոյթի թղթադրամը: Այս մասին գրած է News.ru-ն:
Օրերս Փութինն ըսած էր, որ «Պրիքս»-ի միասնական արժոյթ ստեղծելու հարցը դեռ չի քննարկուիր, քանի որ այն դեռ հասունցած չէ:
«Ինչ կը վերաբերի «Պրիքս»-ի միասնական արժոյթին, ապա այս պահուն մենք չենք քննարկեր այդ հարցը, այն հասունցած չէ, մենք պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, այստեղ պէտք է գործենք աստիճանաբար, դանդաղ: Մենք ներկայիս կ՚ուսումնասիրենք ազգային արժոյթներու օգտագործման ընդլայնման հնարաւորութիւնը եւ այնպիսի գործիքներու ստեղծումը, որոնք նման աշխատանքը կը դարձնեն անվտանգ: Մենք, ինչպէս արդէն նշեցի, այժմ կը քննարկենք ելեկտրոնային գործիքներու կիրառման հնարաւորութիւնը, նման աշխատանքներ կը շարունակուին», - ըսած է Փութին։