image

Ալասքայի մէջ հզօր երկրաշարժ. Ցունամիի իսկական վտանգ նկատուած է

Ալասքայի մէջ հզօր երկրաշարժ. Ցունամիի իսկական վտանգ նկատուած է

Միացեալ Նահանգներու Ազգային օդերեւութաբանական ծառայութիւնը (NWS) յայտնած է, որ Ալասքայի ափերուն մօտ՝ Ալէութեան կղզիներու մօտակայքը, տեղի ունեցած է ուժգին երկրաշարժ՝ 7.3 աստիճան հզօրութեամբ։

Երկրաշարժին օճախը գտնուած է 20 քիլոմեթր խորութեան վրայ։

Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութեան տուեալներով՝ երկրաշարժը գրանցուած է UTC ժամանակով 20:37-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 00:37-ին)՝ Սենտ Փոյնթ բնակավայրէն 88 քիլոմեթր հարաւ, որ ունի շուրջ 1060 բնակիչ։

Միջադէպին պատճառով, Ազգային օդերեւութաբանական ծառայութիւնը ցունամիի նախազգուշացում հրապարակած է Ալէութեան կղզիներու արեւելեան հատուածին համար։

Այս պահուն զոհերու կամ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւն չկայ։