image

Փութին օրէնքի ուժով արգիլած է ռուսերը Ուքրանիոյ քաղաքացի դառնալ

Փութին օրէնքի ուժով արգիլած է ռուսերը Ուքրանիոյ  քաղաքացի  դառնալ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին օրէնք ստորագրած է, ըստ որու՝ Ուքրանիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիներու ուքրանական քաղաքացիութիւնը պիտի համարուի դադրեցուած, անոնց ՌԴ Ներքին գործոց նախարարութիւն դիմելու օրուընէ սկսեալ:

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»ն, փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան կայքով:

Օրինագիծի հեղինակներն են պատգամաւորներ Լէոնիտ Քալաշնիքով, Սերգէյ Քապիշեւ, Սերգէյ Լէոնովն ու Արթեմ Թուրով:

«Տուեալ մեքենականութեան գործնական կիրառումը պէտք է ապահովէ ՌԴ-ի նման քաղաքացիներուն՝ պետական եւ քաղաքային մարմիններու մէջ աշխատանքի անցնելու իրաւունքներ, կրթական կազմակերպութիւններու մէջ վերապատրաստում, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու կարգաւորում, որոնց լուծման համար Ուքրանիոյ քաղաքացիութիւնը սահմանափակող գործօն է»,- ըսուած է Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային կոմիտէի եզրակացութեան մէջ։ 

Օրէնքին համաձայն՝ Ուքրանիոյ քաղաքացի չըլլալու համար դիմում ներկայացնելու օրուընէ սկսեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացին պարտաւոր է չձեռնարկել գործողութիւններ «կապուած Ուքրանիոյ քաղաքացիներու իրաւունքներու իրացման եւ պարտականութիւններու կատարման հետ»: Այս պարտաւորութիւնը չկատարելու պարագային կը տրուի եզրակացութիւն, ըստ որու՝ Ուքրանիոյ քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու դիմումը կը համարուի անվաւեր։