image

Փութին խօսած է Հայաստան տրուած այցին մասին

Փութին խօսած է Հայաստան տրուած այցին մասին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը անվտանգութեան խորհուրդի նիստին առաջարկած է քննարկել Երեւանի մէջ կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովի արդիւնքները եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկկողմ հանդիպման առնչուող հարցեր: «Արմէնփրէս» այս մասին կը տեղեկանայ Քրեմլի պաշտօնական կայքէջէն:

«Բոլորս գիտենք, որ ես բոլորովին վերջերս Հայաստան էի, ուր տեղի կ'ունենար ՀԱՊԿ գագաթնաժողովը: Այնտեղ ե՛ւ ընդլայնուած կազմով, ե՛ւ Հայաստանի ղեկավարի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ հարցեր եղած են, որոնք հաւաքական քննարկում կը պահանջեն։ Կը խօսինք նաեւ այդ մասին»,- ըսած է Փութին։