Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ մասնակցած են Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Լենինկրատի մարզին մէջ նացիստներու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի բացման արարողութեան։ Այս մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի։
Խորհրդային Միութեան խաղաղ բնակիչներու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի բացումը ներառուած է Լենինկրատի շրջափակման ամբողջական վերացման 80-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շարքին մէջ։ Քաղաքական եւ հասարակական գործիչներէն բացի, արարողութեան մասնակցած են նաեւ քաղաքի բնակիչներու եւ շրջափակման վերացման մասնակցած զինուորականներու յետնորդները։
Նշուած է, որ յուշահամալիրը Կատչինայի շրջան տեղադրելու որոշումը պատահական չէր, քանի որ պատերազմի տարիներուն այստեղ տեղակայուած եղած են ռազմագերիներու եւ խորհրդային երեխաներու նուիրատուութեան համակեդրոնացման ճամբարները։
Աւելի վաղ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լենինկրատի շրջափակման վերացման 80-ամեակի կապակցութեամբ ծաղիկներ խոնարհած է Նեւայի ձախ ափին գտնուող «Ռուպեժնի քամէն» յուշարձանին, որ դարձած է Լենինկրատի ճակատամարտին խորհրդային զինուորներու կայունութեան եւ քաջութեան խորհրդանիշն ու 1943-ի յունուարին «Իսքրա» գործողութեան յաջողութեան հարցին մէջ կարեւոր դերակատարում ունեցած: