image

«Փութին բռնապետ է». Պայտըն կը շարունակէ իր հռետորաբանութիւնը

«Փութին բռնապետ է». Պայտըն կը  շարունակէ իր հռետորաբանութիւնը

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Այովա նահանգին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինը անուանած է «բռնապետ», իսկ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի իրականցուցած յատուկ ռազմական գործողութիւնը` «ցեղասպանութիւն»:

ԱՄՆ նախագահին յայտարարութիւնը հնչած է, երբ ան ափսոսանք յայտնած է կազի գինի թանկացման առնչութեամբ:

«Ձեր ընտանեկան պիւտճէ, ինքնաշարժին պենզինը լիցքաւորելու ձեր կարողութիւնը պէտք չէ կախուած ըլլան անոնցմէ, թէ արդեօք բռնապետը պատերազմ կը յայտարարէ եւ ցեղասպանութիւն կը կատարէ աշխարհի միւս ծայրին մէջ», բառացի ըսած է Պայտընը:

Աւելի ուշ, նախքան Ուաշինկթըն թռչիլը, Սպիտակ տան ղեկավարը մեկնաբանած է իր խօսքերը. «Ես այդ անուանեցի ցեղասպանութիւն, քանի որ աւելի ու աւելի պարզ կը դառնայ, որ Փութինը պարզապէս կը փորձէ ոչնչացնել ուքրանացի ըլլալու գաղափարը: Եւ ապացոյցները կ'աճին: Մենք միջազգային մակարդակով իրաւաբաններուն թոյլ պիտի տանք որոշելու` արդեօք այդ կրնա՞յ համապատասխան որակաւորուոլ, թէ՞ ոչ, բայց ինծի համար այդ այդպէս է», ըսած է Պայտըն: