Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով հերքած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առողջական խնդիրներու մասին լուրերը: Քաղաքական գործիչը ձայնային հաղորդագրութիւնը հրապարակած է Թելեկրամով:
Քատիրով կեղծ տեղեկութիւններ տարածող չարակամներուն խորհուրդ տուած է փակել իրենց բերանը, որպէսզի յետոյ չամչնան ու անյարմար վիճակի մէջ չյայտնուոն:
Չեչնիոյ ղեկավարը խօսած է Ռուսիոյ նախագահին հետ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի մասին, որուն ժամանակ Փութինի ձայնը, ըստ անոր, «շատ զուարթ» ու «հրամայական» էր:
«Այնպիսի անհեթեթութիւն կարդացած եմ, անհեթեթութիւն, որ մեր նախագահը իբր առողջական խնդիրներ ունի, մահաքունի մէջ է, զայն փոխարինող կը փնտռեն: Ես կ'ուզեմ ձեզ վշտացնել, ես վերջերս խօսած եմ նախագահին հետ, ան շատ զուարթ, հրամայական ձայն ունէր, եւ պատրաստ է աւարտելու յատուկ գործողութիւնը` հնարաւորինս չվնասելով ուքրանացի ժողովուրդը եւ պետութիւնը», ըսած է Քատիրով: