Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, յայտնած է Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։
«Դիտարկուած են 2022 թուականի 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման հարցերը, ինչպէս նաեւ ամենաբարձր մակարդակով երեք երկիրներու նախկապէս կատարած համատեղ յայտարարութիւնները։ Ընդգծուած է եռակողմ ձեւաչափով աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ ատրպէյճանա-հայկական սահմանին անվտանգութեան ապահովման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային կապերու վերականգնման համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։