image

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հանդիպումը ամերիկացի պաշտօնատարի հետ

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հանդիպումը ամերիկացի պաշտօնատարի հետ

11 Ապրիլին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Էրիքա Օլսոնին, եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններով աւագ խորհրդատու Լու Պոնոյին։

Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանատունը:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ կողմերը քննարկած էին ՀՀ-ԱՄՆ համագործակցութեան, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած բանակցութիւններու ընթացքին առնչուող հարցեր։