Վարազդատ մտաւորականը ներկայացուցիչներէն մէկն էր հայօրէն ինքնացման գաղափարախօսներէն: Հաւատաւոր իտէալիստ մըն էր ան, որ Հայ դատին լուծումը տեսաւ առաջնահերթ՝ ինքնացման համար: Ո՛չ թէ զայն դաւանելով իբրեւ վախճանակէտ ինքնացման, այլ միջոց՝ որ համամարդկային արդարութեան վերականգնումով՝ համամարդկային ինքնացումը յայտնուի ու ըլլայ:
Վարազդատ (Վազգէն Էթիէմէզեան), Շաբթուան Մտածումը, Պէյրութ, 2023: Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան: Հրտ. ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿի Դաստիարակչական Յանձնախումբին:
*
Վաղամեռ մտաւորականի մը հատորն է այս: Հրատարակութիւնը ձեռնարկուած է անոր ծննդեան 80-ամեակին առիթով:
Վ. Էթիէմէզեան գրական-գեղարուեստական գրիչ մը ունեցած էր, սակայն՝ աւելի հրապարակագիր մըն էր:
Հատորին մէջ ամփոփուած են, ինչպէս խմբագիրը կ’ըսէ, «քաղաքական-քաղաքագիտական, ընկերային-իմաստասիրական» բնոյթի 200 յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ/Դրօշակ»ի 1981-1985 տարիներու թիւերուն մէջ. 1981-ին՝ «Օրուան Մտածումը» տիտղոսով, ապա՝ «Շաբթուան Մտածումը» տիտղոսով: Արդ, հատորին «Շաբթուան Մտածումը» անուանումը՝ կը թելադրէ նախընտրութիւն մը պահպանելու հրապարակագրին (գուցէ պարբերականի խմբագրութեան) ընդհանուր վերնագրումը, նաեւ կը թելադրէ՝ որ յօդուածները լոյս տեսած են շաբաթական պարբերականութեամբ:
Հատորը կը բացուի խմբագրին «Երկու Խօսք»ով: Յետոյ կը տրուին հեղինակին «Կենսագրական Գիծեր»ը: Ապա՝ 200 յօդուածներ:
Խմբագրէն կը մէջբերեմ հատուած մը, որ յօդուածներու շարքին նկարագրականը կ’ամփոփէ. «Այս շարքով՝ հեղինակը կը փորձէ սահմանել ազգային-քաղաքական յղացքներ, մեր կեանքին թիւրն ու թերին լուսարձակի տակ առնող երեւոյթներ եւ, առհասարակ, ազգային-գաղափարական մեր պայքարը հունաւորող սկզբունքներ» («Երկու Խօսք»):
Փափաքեցայ, որ այս գրութեամբ ընթերցեմ Վարազդատի հայ ինքնութեան մասին նայուացքը: Սկզիբէն ըսեմ, որ ան այս նիւթին վրայ միայն կարճ անդրադարձ մը ունեցած է «Ինքնացում» յօդուածին մէջ: Թէեւ բազմազան նիւթերու իր շօշափումները՝ լռելեայն ունին զայն որպէս ենթ-ա-դրեալ:
1.- Ընդօրինակում եւ Նոյնացում
Արդ, «Ինքնացում» յօդուածին սկիզբը գրած է. «Ինքնագործ ամբողջութիւններ՝ անհատի եւ ազգի ինքնացման հոլովոյթին մէջ, ակնբախ նմանութիւններու կը հանդիպինք»: Վարազդատի համար ինքնութեան խնդիրը ինքնացման խնդիր է, այսինքն՝ ընթացքի մը: Ինքնութիւնը ընթացքն է ինքնացման: Ուժական երեւոյթ մըն է: Եւ այնպէս՝ ինչպէս անհատը ամբողջութիւն մըն է, նոյնպէս ազգը ամբողջութիւն մըն է: Երկուքն ալ «ինքնագործ» են, երկուքն ալ ինքնութիւն կը գործեն: Անոնք «ակնբախ նմանութիւններ» ունին, ուստի ունին նաեւ ակնբախ տարբերութիւններ: Նմանութիւններու վրայ գրած, իսկ տարբերութիւններու մասին: Պիտի տեսնուի, որ «ակնբախ նմանութիւններ»ը գործընթացի տարբերութիւններ են, եւ ոչ՝ յատկանիշներու:
Որո՞նք են, ըստ իրեն, «ակնբախ նմանութիւններ»ը:
«Երկուք պարագաներուն ալ, հոլովոյթի առաջին հանգրուանը ընդօրինակութիւնն է: Անհատ թէ ազգ կ’ընդօրինակեն բնութենէն, ընկերային միջավայրէն եւ ուրիշ ազգերէ»: Այս կը նշանակէ, թէ ինքնացման մեկնակէտն է ընդօրինակութիւնը. արդէն ինք գրած է. «ինքնացման ամենէն անհրաժեշտ նախաքայլը կը համարուի» ընդօրինակութիւնը: Անհատը կ’ընդօրինակէ իր բնական եւ ընկերային միջավայրը, նաեւ ունի կարելիութիւնը (կ’աւելցնեմ. մանաւանդ արդի ժամանակներու հաղորդակցութեան միջոցներուն իր անմիջականութեամբ, եւ ո՛չ միայն անմիջականութեամբ՝ այլեւ առհասարակ անոնց՝ իր վրայ խուժմամբ) այլ ազգերու վարք ու բարքեր, միջավայրային պայմաններ եւ այլք ընդօրինակելու: Ազգը եւս կ’ընդօրինակէ. կ’ընդօրինակէ մինչեւ նոյնիսկ անհատ մը (ամբողջատիրական դրոյթները ուրիշ բաներ չեն՝ քան ընդօրինակում անհատի մը), կամ անհատներ:
Չկայ ինքնացում մը որ չ’ընդօրինակեր: Չընդօրինակելը՝ ժխտումն իսկ ինքնացման: Ի՞նչ է ընդօրինակելը: Գրած է. «առանց յատուկ անհատական ներդրումի, մարդ թէ հաւաքականութիւն իրենց շրջապատէն կը սորվին վարուելակերպեր, որոնք՝ եթէ մէկ կողմէ զիրենք այդ շրջապատին յարմարելու կը մղեն, միւս կողմէ՝ նոյն շրջապատին դէմ պաշտապանուելու միջոցներու ձեռքբերման կ’առաջնորդեն»:
Ինչո՞ւ ընթացումը դէպի «պաշտպանական միջոցներ»ու ձեռքբերում: Թէ՛ անհատի պարագային, եւ թէ հաւաքականութեան՝ որպէսզի ինքնահաստատումը իրագործուի: Ինքնահաստատումը դեռ ինքնացում չէ, խորհած է: Անիկա հանգրուան մըն է, որ տակաւին շատ հեռու է ինքնացման հանգրուանէն: «Բնազդական» հանգրուան մըն է անիկա, ուր անհատը կամ հաւաքականութիւնը իր ինքնութեան գետինը կը պատրաստէ: Հետաքրքրական է, որ յօդուածագիրը այս հանգրուանը կը տեսնէ զուրկ «գիտակցական ներդրումներ»է: Բայց ինչո՞ւ: Իր կարծիքով, «գիտակցական ներդրումներ»ը աւելին են քան գիտակցութիւնը, եւ ըստ այն գիտակցութեան գործերը: Անոնք անհատի պարագային կապ ունին «տարիքի եւ փորձառութեան» հետ, իսկ հաւաքանութիւններու պարագային՝ «դարաւոր կրկնութիւններ»ուն եւ «փոխանցուած ժառանգութեանց ու աւանդներ»ուն: «Ներդրումներ»ը գիտակցական կ’ըլլան՝ երբ անհատին գործերը ըստ փորձառութեան կ’ըլլան, իսկ հաւաքականութեան պարագային՝ ըստ ժառանգութեանց եւ աւանդներուն կ’ըլլան: Եւ անհատ ու հաւաքականութիւն դուրս կու գան «մեքենական» գիտակցութենէ եւ «քննական ակնոց» կ’ունենան, «քննական ակնոց»ով կը նայի բոլոր ազդեցութիւններուն եւ ներգործութիւններուն: Մինչեւ «քննական ակնոց» ունենալը՝ գիտակցութիւնը տակաւին մղումնային է կամ բնազդական ընդօրինակութիւնը՝ նոյնպէս:
Քննական տեսողութիւնը միաժամանակ ըստ փորձառութեան եւ ըստ ժառանգութեանց ու աւանդներու վերլուծական է: «Գիտակցութեան այս հանգրուանին՝ ծրագրումի հոլովոյթը կը սկսի: Ծրագրում, որուն առաջնահերթ մտահոգութիւնը տեսակի պաշտպանութիւնն է», գրած է: Առաջին հանգրուանի «պաշտպանութեան միջոցներ»ու ձեռքբերման ձգտումը դարձեալ կը յայտնուի, բայց որպէս «քննական» եւ «վերլուծական» կարողութիւն, երբ արդէն ճշմարիտ ինքնացումը սկսած է: Այս երկրորդ հանգրուանին է, որ «մարդ թէ հաւաքականութիւն նոյնացումի հակամիտութիւն կը ցուցաբերեն ամենէն աւելի: Նոյնացում նմաններու հետ, նոյնացում օտար ազգերու բարքերուն եւ սովորութիւններուն հետ, նոյնացում բնութեան տարերքին հետ»: Արդ, երկրորդ հանգրուանը՝ նոյնացման հանգրուանն է, ճշմարիտ ինքնացման հանգրուանը, որ «գերազանցապէս գիտակցական արարք մըն է, ընտրութեան եւ համոզումի հետեւանք, որ կը բխի նոյնինքն մարդու թէ հաւաքականութեան ինքնացումին առթած ինքնավստահութենէն», գրած է: Նոյնացումին հետ՝ անհատը եւ հաւաքականութիւնը փակ դրութենէ դուրս կու գան դէպի բաց դրութիւն, եւ «տեսակի պաշտպանութիւն»ը կ’իրագործուի բաց դրութեան մէջ, եւ շնորհիւ «գերազանցապէս գիտակցական» ըլլալուն եւ ինքնավստահութեան՝ որ «բոլոր ներգործութիւններուն առջեւ», բոլոր «յոռի ու տարամէտ ազդեցութիւններ»ու եւ «օգտակար ու նպատակայարմար կարելիութիւններ»ու՝ կը գործէ «հակադարձ ներգործութիւններ»ով: Տեսակի պաշտպանութեան պայքարի լեզու մըն է այս մտածմամ մէջ կիրարկուողը: Հարց կարելի է տալ, թէ առանց «հակադարձ»ի՝ ներգործական լինելակերպ մը տեսակը չի՞ պաշտպաներ: Նաեւ ներգործական լինելակերպ մը չի՞ բանիր տեսակի պաշտպանութեան մտահոգութենէն անդին:
Եզրակացնելով. Վարազդատի համար ինքնացումը ունի երկու հանգրուան. մէկը մղումնային ընդօրինակութեամբ կ’ըլլայ, միւսը՝ «գերազանցապէս գիտակցական» նոյնացմամբ: Իսկ այս երկուքէն՝ երկրորդով է, որ կը սկսի ճշմարիտ ինքնացումը:
2.- «Տարասփիւռ Հայութիւն»
Հայութեան մէկ զանգուածին (ներկայիս՝ մեծագոյն մասին) վիճակը ամենուր սփռեալ վիճակ մըն է: Այս սփռուածութիւնը չէ «տարասփիւռ»: Բառը մեր լեզուին մէջ յայտնուած էր առնչաբար Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ հայրենական հողերէն բռնագաղթով տարագրութեան: «Տարասփիւռ»ը իր մէջ ունի «Տարագրութիւն»ը: «Տարասփիւռ հայութիւն»ը Մեծ Եղեռնը կրող հայութիւնն է: Իսկ ներկայի ցրօնքը «անդրազգ» է կամ «սփիւռքազգ», ինչպէս պիտի ըսէր Խաչիկ Թէօլէօլեան: Անոնք որ դեռ կը կրեն 1915-ը՝ տարասփիւռ հայութեան անդամներն են, եւ ցիր ու ցան հաւաքականութիւններու մաս մը կը կազմեն իրենց յիշողութեամբ, գոյապայքարի լծուածութեամբ եւ հայրենիք վերադարձի տեսլականով:
Վարազդատի մտածումը տարասփիւռ «ամբողջութեան» կը վերաբերի: Անիկա «հայրենական հողերու շաղկապիչ, միաւորող եւ ազգի մը կեցութիւնը ապահովող տուեալներէն զուրկ է, օտար ազդեցութիւններու ենթակայ կը մնայ», գրած է:
Ըսի՝ «տարասփիւռ հայութիւն»ը ցիր ու ցան հաւաքականութիւններ կը ներկայացնէ: Անոր «արտասահման»եան կեցութիւնը որքա՛ն կ’երկարի, այնքան աւելի անիկա «ազգային ըմբռնումներ»էն կը հեռանայ, կ’իւրացնէ «տեղական, տեղայնական մտայնութիւններ», փախուստ կու տայ Հայ դատի «արդար լուծման անհրաժեշտ հեռանկարներ»էն, եւ իւրաքանչիւր անդամը կը մղէ «անձնական պատեաններուն մէջ» քաշուելու: Հայ հաւաքականութիւնները «օրէ օր» կը հիւծին: Ի՞նչ ընել շրջելու համար հիւծումը:
Իր ախտաճանաչումը կ’ըսէ, թէ հիւանդութիւնը «արուեստական խրամատ»ն է ընդմէջ «ժողովուրդը բաղկացնող տարրերուն ու մտաւորական, կազմակերպիչ եւ առաջնորդելու կոչուած տարրերուն»: Ուստի այս «խրամատ»ը պէտք է վերցնել: «Հայ մարդը եւ յանձնառու առաջնորդը երկուստեք՝ պէտք չէ ճիգ խնայեն (…) իրարու հանդիպելու, զիրար հասկնալու եւ միասնաբար գործի լծուելու գծով», գրած է: Իսկ ո՞ւր պիտի հանդիպին անոնք: Իր պատասխանն է՝ Հայ դատի «բարւոք լուծման» գործին մէջ: Ըստ Վարազդատի, ուրեմն, հիւծումը շրջելու անհրաժեշտ առաջնահերթ ընելիքը՝ հայ մարդուն եւ «յանձնառու առաջնորդ»ին հանդիպումն է վասն Հայ դատին: Եթէ հայութիւնը «տարասփիւռ» է, այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Տարագրութեան հետեւանք է, ապա Հայ դատը անոր «Հաւատամք»ին առաջին «դաւանութիւն»ը եւ յանձնառութիւնն է: Անիկա անոր ինքնութեան «նախատարրեր»ուն (միւսներն են՝ մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, իւրայատուկ աշխարհայեացք) նախադաս տարրն է: «…ամէն ինչէ առաջ (…) նախ ինքն իրեն համար, իւրաքանչիւր հայ պէտք է լծուի Հայ դատի պայքարին», գրած է, եւ շարունակած՝ «պարզ այն պատճառով, որ անհատի թէ ազգի իւրաւունքները կրնան յարգուիլ միայն այնքան՝ որքան նախ անհատը կամ ազգը կը յարգէ ինքզինք»: Հայ դատի «դաւանութիւն»ը եւ յանձնառութիւնը՝ ինքզինք յարգելու մասին են: Հայ դատը անհատական, եւ ազգային, նաեւ համամարդկային իրաւունքին որոնում է: Անիկա «մեր առօրեայ հացէն աւելի» կենսական է: Նպատակ չէ անիկա, այլ՝ միջոց: Գրած է. «միջոց մըն է, որպէսզի իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը մեզի չափ եւ մեզի պէս ուրիշներ ալ զգան իրենց մորթերուն վրայ եւ շուտափոյթ դարման մը գտնելու գործին մէջ օժանդակեն մեզի»: Հայ դատի արդար լուծումը, ըստ իրեն, պիտի ըլլայ նախանշանը «իրաւունքի տիրակալութեան գալստեան»:
Քանի ինքնութեան միւս նախատարրերն են մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը եւ իւրայատուկ աշխարհայեացքը, ապա հիւծման շրջումին համար այն անհրաժեշտ տարրերը ինչպէ՞ս հասկցած է:
Մշակոյթը: Վարազդատ յօդուած մը ունի, որուն վերնագիրն է «Ազգ Եւ Մշակոյթ»: Անիկա կը հետեւի Վահան Տէրեանին մտքերուն, ըստ որոնց ազգը «միայն արտաքին ուժերի զօրութեամբ, իրերի արհեստական դասաւորմամբ չի ստեղծւում, այլեւ իր անդամների ներքին մտաւոր-հոգեկան կապերով»: Այն «ներքին մտաւոր-հոգեկան կապեր»ը որպէսզի շարունակեն ազգաստեղծումը՝ պէտք է անդադար արժէքներ ստեղծուին, այն արժէքներն են ինքնութեան առհաւատչեաները: Անոնց ստեղծումը միայն հանճարներուն գործը չէ, այլեւ է համայն ժողովուրդի ստեղծագործ ուժերուն ստեղծումը: Իւրաքանչիւր հանճար, իւրաքանչիւր ստեղծագործ ուժ կոչուած է իւրացնելու «իր ազգի (մտաւոր-հոգեկան) կառուցուածքը», խտացնելու իր մէջ «ազգային գիծերը այնպէս, որ ազգային մշակոյթի արարումին ճամբով՝ արտայայտէ իր ժողովուրդի ինքնահաստատման ցանկութիւնն ու կամքը, անոր եռքն ու հրահրումը»: Մշակոյթը ինքնութեան առհատաչեայ արժէքներուն յարատեւ ստեղծագործումն է:
Այլ յօդուածի մը մէջ գրած է, թէ Հայ մշակոյթը «ազնուացումի դարաւոր ընթացք» մըն է ապրած: Զայն «յօժարակամ երկիւղածութեամբ, արժանավայել վայելչութեամբ, պատուով, պատուախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ» իրենց ուսերէն եւ ճակատներէն բարձր բռնողներ եղած են, այժմ եւս՝ անիկա նոյնպէս բարձր բռնուելու է: Ինքնութիւնը այդպէս կը պահպանուի:
Քաղաքակրթութիւնը: Գրեթէ ոչինչ ըսած է քաղաքակրթութեան մասին, բացի քանի մը խօսքէ, որոնցմով կարելի չէ սահմանում մը կազմել: Ըստ իրեն, այժմեան քաղաքակրթութիւնը այլասերման մէջ է, եւ հայութիւնն ալ՝ ենթարկուող մը ատոր:
Իւրայատուկ աշխարհայեացքը: Ազգ մը ազգ կ’ըլլայ իւրայատուկ աշխարհայեացքով: Հայութիւնը եւս ի շարս այլոց՝ այնպիսին ունեցած էր միջնադարուն: Ընդունելով հանդերձ քրիստոնէական արժէհամակարգին բարձրութիւնը, եւ յիշելով անոր մեծ դէմքերէն երկուքը՝ լատիններուն Օգոստինոսը, եւ մեր Գրիգոր Նարեկացին, որպէս տիպական օրինակներ, անոնց գրականութիւնը հասկցած է իբրեւ պայքար «Աստուծոյ ու այս աշխարհի անոր ծառաներուն կողմէ ստեղծուած բոլոր կաշկանդումներուն դէմ»: Պայքար՝ ստրկացման դէմ: Հետեւաոար՝ նաեւ ստրկամտութեան, որ արգելք էր յառաջդիմութեան: Չէ ակնարկած, ուստի կարելի չէ գիտնալ, թէ արեւմուտքի մէջ ե՞րբ էր տեսած սկզբնաւորումը յառաջդիմութեան: Հետեւաբար՝ ենթադրութիւններ ընելը աւելորդ է: Իսկ հայութեան պարագային, յառաջդիմութեան սկզբնաւորումը տեսած է 19-րդ դարուն մէջ: Գրած է. «Փաստը այն է, որ իբրեւ ժողովուրդ յառաջդիմելու սկսանք երկու դարէ ի վեր. այն օրէն, երբ (…) ենթակայութիւնը փոխարինեցինք մարտահրաւէրով, անկազմակերպ անզօրութիւնը՝ կազմակերպ ներկայութեամբ, հատուածականը՝ համազգային տեսիլքով եւ, Զարթօնքի օրերէն սկսեալ, մեր անխոնջ ագայնականները քար առ քար, տագնապով, անձկութեամբ եւ անդոհանքով կերտեցին Հայ Պահանջատիրութիւնը»: Անկասկած, յօդուածագիրը վերջը անդրադարձած պիտի ըլլար, թէ ինք որ հայ միջնադարեան մշակոյթին մէջ տեսած էր ազգաստեղծ «անկորչնչելի սխրանքներ«ը, ապա ուրեմն՝ տեսած էր ապացոյցը յառաջդիմութեան… Գուցէ նաեւ մտածած՝ թէ էական տարբերութիւնը միջնադարուն եւ արդի ժամանակին կը կայանար ստրկամտութենէ հայութեան դուրս գալուն, շնորհիւ «մարտ»ական ոգիի եւ Հայ Պահանջատիրութեան զարթնումին էր, եւ յառաջդիմութեան յղացքին տուած այլ բովանդակութիւն մը:
3.- «Աւերակներու Թագաւորութիւնը»:
Վարազդատ գիտէր, թէ այն յառաջդիմութիւնը յանգած էր աւերումի՝ «հայրեր»ու մեղքին պատճառով: Ի՞նչ էր այն մեղքը: «Քանդումի, փլուզումի եւ ճահճացումի» ոգին էր: Իր մտքին մէջ, «հայրեր» նաեւ իրենց կարգին քանդած, փլուզած եւ ճահճացուցած էին հայ կեանքը:
Գրած է. «հայ նորահաս սերունդը ի՞նչ հիմեր ունի քանդուած եւ աւերակ այս ներկան ապագայի լոյսի եւ յոյսի կենսախայտութեան վերածելու: Ոչ հող կայ, ոչ՝ հայրենիք: Համայնակուլ եւ հետզհետէ ճղճիմ դարձող մտահոգութիւններու խորունկ ծովուն մէջ, հայ մարդը (ուրեմն՝ ոչ միայն ՛՛նորահաս սերունդը՛՛ _ ԳՔ) երբ իր շուրջ կը նայի՝ հայրերէն ժառանգուած աւերակի կոյտեր եւ նոր կացութաձեւեր կը տեսնէ»: Այնուհանդերձ, «աւերակներու թագաւորութիւնը ժառանգել»ն ալ կատարեալ վհատութիւն չէ համարած: Եւ հրաւիրած է «ուշադիր ակնարկ» մը նետելու «պատմութեան մղիչ ուժերուն վրայ»՝ «որպէսզի ճիշդ հունի մէջ դրուին կազմակերպչական եւ արդարադատութեան ճամբով հատուցում պահանջող մեր աշխատանքները: Կարեւորը, էականը, հիմը ոգին կը մնայ: Այն ենթակայական նախատրամադրութիւնը, որ նախապայմանն է բոլոր առարկայական կառոյցներուն»:
Նաեւ գրած է. «հայրերուն մեղքը՝ որդիներուն պարտքն է: Պարտք կ’ըլլայ՝ երբ զաւակները իրենց վրայ կը վերցնեն այդ մեղքը քաւելու պատասխանատուութիւնը (…): Պարտք չէ՝ երբ հօր եւ զաւակի միջեւ միեւնոյն անձը ըլլալու յարաբերութիւնը գոյութիւն չունի»: Եթէ հայրերը մեղաւոր են, ապա որդիներն ալ մեղաւոր են: Իսկ որդիները ունին կարելիութիւնը քաւելու հայրերուն մեղքը: Եւ քաւելու ընթացքը կը սկսի որդիներուն իրենց հայրերուն հետ հարազատութեան գիտակցութեամբ, եւ դաւանութեամբ ու կամեցողութեամբ «անոնց թիկունք կանգնելու», ո՛չ թէ անոնց մեղքը տեւականացնելու համար, այլ «ստեղծագործ ոգի»ով պայքարելու «քանդումի, փլուզումի եւ ճահճացումի» ոգիին դէմ: Պայքարիլ՝ ո՛չ արագօրէն եւ փութկոտօրէն «առարկայական կառոյցներ» ստեղծելով, այլ համբերութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, որպէսզի աւերակները դրախտի վերածուին, եւ ինքնութիւնը անցնի բնակելու դրախտին մէջ, որ հայրենադարձութեամբ վերահաստատուիլն է պապենական հողերուն վրայ:
4.- Հուսկ Բան:
Վարազդատ մտաւորականը ներկայացուցիչներէն մէկն էր հայօրէն ինքնացման գաղափարախօսներէն: Հաւատաւոր իտէալիստ մըն էր ան, որ Հայ դատին լուծումը տեսաւ առաջնահերթ՝ ինքնացման համար: Ո՛չ թէ զայն դաւանելով իբրեւ վախճանակէտ ինքնացման, այլ միջոց՝ որ համամարդկային արդարութեան վերականգնումով՝ համամարդկային ինքնացումը յայտնուի ու ըլլայ:
Գառնիկ Կ Աւ. Ք. Գ.
«Հորիզոն»