image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի յիշատակուի Հայ Դատի մեծ զինուոր Վահագն Տատրեանը

Պիտի յիշատակուի Հայ Դատի մեծ զինուոր Վահագն Տատրեանը

Փրոֆ. Վահագն Տատրեանին մահուան 3րդ տարելիցին առթիւ, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան եւ մասնակցութեամբ «Արարատ Տան» «Էսկիճեան» թանգարանին, Նոր Սերունդ, Համազգային, Թէքէեան եւ Իրանահայ մշակութային միութիւններուն, Իրաքահայ ընտանեկան միութեան, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային միութեան եւ «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին՝ Կիրակի, 7 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ յուշերեկոյ մը Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):

Ելոյթներ պիտի ունենան՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, դոկտ. Լուսին Սահակեան, փրոֆ. Թաներ Աքչամ եւ Մանուկ Աւետիքեան։ Հանդիսավարուհին է՝ Մարիէթ Օհանէս։

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։