image

Լոս Անճելըսի մէջ.  Ոսկրածուծի հիմնարկի քայլարշաւները  յաջողութեամբ պսակուած են

Լոս Անճելըսի մէջ.  Ոսկրածուծի հիմնարկի քայլարշաւները  յաջողութեամբ պսակուած են

25րդ տարին բոլորած Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը, օրերս, Ուոթըրթաունի եւ Կլենտէյլի մէջ իրականացուցած է հիմնարկին ի նպաստ աւանդական դրամահաւաք-քայլարշաւները՝ «Միութիւն եւ յոյս» ընդհանուր նշանաբանին տակ:

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

21 Սեպտեմբերին եւ 5 Հոկտեմբերին, յաջորդաբար՝ Ուոթըրթաունի եւ Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցան իր բարեսիրական գործունէութեան 25րդ տարին բոլորած Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ աւանդական դրամահաւաք-քայլարշաւները, «Միութիւն եւ յոյս» ընդհանուր նշանաբանին տակ:

Իր տեսակին մէջ 13րդը հանդիսացող Ուոթըրթաունի քայլարշաւը տօնական մթնոլորտի մը մէջ սկսաւ «Չարլզ Մովսէսեան» կեդրոնէն, Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի աղօթքով եւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Մանէ Ղազարեանսի բացման խօսքով։

Դրամահաւաքի աշխատանքին մէջ իրենց յատկանշական ներդրումին համար, ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մրցանակներու արժանացան յաջորդաբար՝ Թելօ եւ Ռուբինա  Ղազարեանսները, Սօսի Եողուրթեան եւ Միգանուշ Ստեթեանեանս։

Նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ծառատունկ կազմակերպութիւնը ի պատիւ այս քայլարշաւին՝ Հայաստանի մէջ ծառեր պիտի տնկէ։

Քայլարշաւը աւարտեցաւ «Սալթըսթոն» զբօսայգիին մէջ, ուր փակման խօսքը արտասանեց Նարինէ Պատալեան։

ԿԼԵՆՏԷՅԼ

Մօտաւորապէս 350 անձեր մասնակցեցան Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերին, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած դրամահաւաք-քայլարշաւին:

Տօնական մթնոլորտի մը մէջ իրականացած տարեկան 19րդ քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շարք մը պաշտօնատարներ, համայնքային ղեկավարներ եւ դպրոցներ, համայնքային կազմակերպութիւններ ներկայացնող զանազան խումբեր եւ անհատ համակիրներ:

Քայլարշաւը սկսաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւէն, հոն տեղի ունեցած բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք:

Բացման արարողութեան ընթացքին, քայլարշաւի յանձնախումբի համաատենապետներ տոքթ. Քրիսթինա Կարապետեան եւ Հրաչ Փոսթիկ բարի գալուստ մաղթեցին մասնակցողներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կեանքեր փրկող հիմնարկին նեցուկ կանգնողներ ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն: Անոնք նաեւ ներկայացուցին ներկայ կրօնականները եւ պաշտօնատարները ու անոնց ներկայացուցիչները:

Հոգեւոր հայրեր Եղիա Իսայեան եւ Արտակ Տէմիրճեանի աղօթքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, որ շեշտեց, թէ վերջին 25 տարիներուն, համայնքին ցուցաբերած զօրակցութեան շնորհիւ՝ հիմնարկը կրցած է իր փրկարար գործունէութիւնը ծաւալել ոչ միայն Լոս Անճելըսի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այլ նաեւ աշխարհի տարածքին։

Տոքթ. Ճորտըն այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց կազմակերպութեան համակիր եւ քաղցկեղէ վերապրող զաւակի մը՝ Ալեքս Դարբինեանի մայրը՝ Ռոզի Տիրէմզեանը, որ դրուատեց հիմնարկին մարդասիրական ջանքերը։

Խօսք արտասանեց նաեւ հիմնարկին երիտասարդական թեւը հանդիսացող NextGen-ի ատենապետ Լորի Մեհտիխանեան։

Ապա, մրցանակներ յանձնուեցան Արփինէ Զոհրապեանին՝ ամէնէն շատ գումարը հաւաքած՝ իր խումբին համար եւ Սոնա Աշճեանին՝ ամէնէն շատ մասնակցող ունեցող՝ Փրովիտընս վարժարանի խումբին համար։

Այնուհետեւ մասնակիցներ Կլենտէյլի տարածքին 5 քիլոմեթր քալելէ ետք վերադարձան քաղաքապետարանի շէնքին բակը»։

Նշենք, որ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, Երեւանի մէջ կեդրոն մը հաստատած հիմնարկը կրցած է արձանագրել առաւել քան 33,500 նուիրատուներ՝ 32 երկիրներէ, եւ իրականացուցած է 43 պատուաստումներ։

Հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին:

 

(Լուսանկարները՝ Ալեքօ Պօղոսխանեանի)