ՌԱԿ գործիչ Սերխիօ Նահապետեանի կարծիքով «Կուսակցութիւնէն ներս դրական տրամադրութիւններ կը տիրեն յառաջիկայ Փետրուարին կայանալիք ժողովին ընդառաջ»: Նահապետեան, որ այս մասին խօսեցաւ «Արեւելք»ին, նաեւ յայտնեց, որ ինք եւս լաւատես է այդ ժողովին առընթեր եւ ամէն ճիգ պիտի գործադրէ յանուն ՌԱԿ-ի երկու թեւերու միացման: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, անդրադառնալով «Արեւելք»ի անցեալ շաբաթ օր հրապարակած լուրին կուսակցութիւնէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն մասին, ըսաւ. « Բանակցութիւններու խնդրին առումով ես կը շեշտեմ, որ անոնք ընթացքի մէջ են եւ այս պարագային անունները երկրորդական են ու կարեւորը գործընթացն է»: ՌԱԿ գործիչը նաեւ ըսաւ, որ իր համար կարեւորը եւ առաջնայինը կուսակցութեան շահն ու միաւորումն է:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ օր, «Հայ Ձայն»էն քաղելով մեր տեղեկութիւնները, լուր փոխանցած էինք յառաջիկայ փետրուարին կայացուելիք ժողովին մասին, որ պիտի կայացուի Կիպրոսի մէջ: Մեր տեղեկութիւններով Նահապետեան այս ժողովին առընթեր բանակցութիւններ կը կայացնէր ՌԱԿ գործիչ Վարդան Նազիրեանին հետ, բան մը, որ պարզուեցաւ, թէ անճիշդ տեղեկութիւն է: