Հայաստանի վարչապետն ու Թուրքիոյ նախագահը՝ Իսթանպուլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, քննարկած են երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը։ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճէպ Էրտողանը ընդգծած են կառուցողական երկխօսութեան շարունակականութեան եւ որոշակի արդիւնքներու յասնելու կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ կառավարութիւնը։
Անոնք անդրադարձած են նաեւ շրջանի իրադարձութիւններուն եւ այդ պարունակին մէջ՝ երկկողմ համագործակցութեան հնարաւոր ուղութիւններուն։
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործընթացին, եւ շեշտած է հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութեան շարունակութեան հանդէպ իր նուիրուածութիւնը։
Էրտողան, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, յայտարարած է, թէ Անգարան պիտի օգտագործէ բոլոր դիւանագիտական միջոցները՝ ոչ միայն Կովկասի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի մէջ կայունութիւն հաստատելու համար։
Երկու երկիրներու ղեկավարները վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու ուղիղ կապերն ու երկխօսութիւնը:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի, ինչպէս նաեւ ՀՀ Կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան շուրջ։
Թէեւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ նախապէս ալ կատարուած են այցելութիւններ Թուրքիա՝ տարբեր առիթներով, սակայն Փաշինեանի այս այցելութիւնը առաջինն է, որու առիթը ոչ թէ պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական ձեռնարկ մըն է՝ երդմնակալութիւն կամ ֆութպոլի խաղ, այլ միմիայն երկկողմ բանակցութիւնները։