Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ հրթիռներ արձակած է «Պեն Կուրիոն» օդակայանին եւ Իսրայէլի ռազմական կեդրոններու ուղղութեամբ։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով MEHR լրատուական գործակալութիւնը, Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յունիս 21-ի վաղ առաւօտեան յայտնած է, որ սկսած է «Իրական Խոստում» գործողութեան 18-րդ փուլը՝ օգտագործելով բազմաթիւ կամիկաձէ եւ մարտական անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս՝ Shahed 136-ը, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ պինդ եւ հեղուկ վառելիքով աշխատող հրթիռներ։
Յայտարարութեան համաձայն՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յաջողութեամբ ոչնչացուցած է նախապէս որոշուած թիրախներ «Պեն Կուրիոն» օդակայանի եւ ռազմական արագ արձագանգման, ռազմամատակարարման կեդրոններու մէջ։ Ըստ իրանական կողմի՝ Իսրայէլի ժամանակակից պաշտպանական համակարգերը անկարող եղած են որսալ իրանեան անօդաչու սարքերը։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներն ալ հաղորդած են, թէ վերջին յարձակումներու ընթացքին իրանեան տասը հրթիռներէն վեցը հասած են թիրախներուն։