image
Հրատապ լուրեր:

Փեսքով խօսած է Փութին-Էրտողան յարաբերութեանց մասին

Փեսքով խօսած է Փութին-Էրտողան յարաբերութեանց մասին

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ, ինչ որ թոյլ կու տայ նոյնիսկ ամենաբարդ տարաձայնութիւններու ժամանակ երկխօսութիւն վարել եւ հասնիլ խաղաղ կարգաւորման։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին։ 

«Նախագահ Էրտողան, դուք գիտէք, որ բաւական ջերմ յարաբերութիւններ ունի, կարելի է ըսել նոյնիսկ բարեկամական յարաբերութիւններ, նախագահ Փութինի հետ, որոնք, չնայած տարաձայնութիւններու առկայութեան, թոյլ կու տան անոնց հանդիպելու նոյնիսկ ամենասուր պահերուն եւ լուծելու ամենադժուար խնդիրները», ըսած է ան RTVI հեռատեսիլի կայանի եթերով։ 

Ան ընդգծած է, որ չնայած որոշակի հակասութիւններու առկայութեան՝ Թուրքիան «Ռուսաստանի շատ կարեւոր հարեւանն է», շատ կարեւոր խոշոր նախագիծերու գործընկերը ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային բազմաթիւ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

«Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական փոխգործակցութեան, տնտեսական համագործակցութեան մակարդակը շատ լաւ ապահովագրութիւն է քաղաքական ցնցումներէն։ Եւ քանի որ մարդիկ շահագրգռուած են, որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւնները չխարխլուին, ան ամրացնող օղակ է», ըսած է Փեսքով:

Ան նշած է, որ շարք մը ոլորտներու մէջ Թուրքիան զարգացուցած է համաշխարհային մրցունակ ընկերութիւններ, որոնք տեղ կը գրաւեն շուկայի մէջ։ «Եւ, ի հարկէ, տնտեսական ընդլայնումը այս կամ այն կերպով կ'ազդէ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ», ընդգծած է ան։ «Մենք կը շփուինք Սուրիոյ հարցով, սա բարդ փոխգործակցութիւն է, երբեմն՝ շատ բարդ։ Այնուամենայնիւ, ամէն անգամ կը յաջողինք գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծում», ըսած է Փեսքով։