image

Փայլան կը յուսայ

Փայլան կը յուսայ

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան տեսանիւթ հրապարակած է իր դիմատետրեան էջին՝ անդրադառնալով Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան:

«Թուրքիա-Հայաստան սահմանը, որ երեսուն տարի փակ էր, բացուեցաւ մարդասիրական օգնութեան համար։ Մաղթենք, որ մեր համերաշխութիւնը ըլլայ մշտատեւ», - տեսանիւթին կից գրած է Փայլան։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Թուրքիոյ։  Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած բեռնատարներն անցած են սահմանը Մարգարայի կամուրջով եւ ուղղուած դէպի երկրաշարժէն տուժած շրջան։

Մարգարայի կամուրջով հայ-թրքական փակ ցամաքային սահմանը բեռնատարով վերջին անգամ հատուած է 30 տարի առաջ` 1993-ին։