image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Կարօ Փայլանի Թուրքիա- Հայաստան սահմանը պիտի բացուի յառաջիկայ տարուան սկիզբը

Ըստ Կարօ Փայլանի  Թուրքիա- Հայաստան սահմանը պիտի  բացուի  յառաջիկայ տարուան սկիզբը

Անգարայի մէջ կ՚ըսեն, որ 2026 թուականի սկիզբը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը պիտի բացուի քաղաքացիներու համար։ Այս մասին նոյեմբեր 4-ին «Օրբելի 2025» միջազգային համաժողովի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։

«Ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ խաղաղութեան։ Ճնշմա՞ն միջոցով։ 120 տարի փորձեր են։ Չէ յաջողած։ Սահմանի երկու կողմերուն մարդիկ իրար չեն ճանչնար եւ կը փոխանակուին ատելութեան հռետորաբանութեամբ»,- նշած է Փայլանը։

Անոր խօսքով՝ այժմ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը առանց միջնորդներու կը շփուին իրար հետ, հայ եւ թուրք պաշտօնեաները անմիջականօրէն կը զրուցեն իրար հետ։

«Սա երազանք է, որ իրականացած է։ Հայաստանը 1990-ականներուն յաղթած է պատերազմը, բայց չէ յաղթած խաղաղութիւնը։ Երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմին յաղթած է Ատրպէյճանը, բայց արդեօք ատրպէյճանական առաջնորդները պիտի ունենա՞ն այնքան իմաստնութիւն, որ յաղթեն նաեւ խաղաղութեան կառուցման գործին մէջ։ Հայաստանը պատրաստ է խաղաղութեան, Թուրքիան նոյնպէս պատրաստ է կարգաւորման»,- ընդգծած է ան։