image

Կարօ Փայլան մասնակցեցաւ « Եէյլ» համալսարանի «համաշխարհային կրթաթոշակներ»ու ծրագրին

Կարօ Փայլան մասնակցեցաւ « Եէյլ» համալսարանի «համաշխարհային կրթաթոշակներ»ու ծրագրին

Պոլսահայ նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլան մասնակցած է « Եէյլ» համալսարանի «համաշխարհային կրթաթոշակներ»ու ծրագրին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հէ-Տէ-Փէցի նախկին երեսփոխան, Պոլսահայ Կարօ Փայլան միջոցէ մը ի վեր Ամերիկա կը բնակէր, հեղինակաւոր Եէյլ համալսարանի «համաշխարհային կրթաթոշակներ»ու ծրագրի լոյսին տակ մասնակցելով ուսումնական դասընթացքի մը։ Այս ծրագիրը առաջնորդութեան գծով աշխարհի առաջատարներէն մին կը հանդիսանայ։ Վկայականը ստանալով, Փայլան շնորհակալութիւն յայտնեց Եէյլ համալսարանի ընտանիքին, ընդգծելով որ ուսման շրջանը նշանակալից ձեռքբերում մըն էր իրեն համար թէ՛ անձնական, թէ՛ մտային առումներով։ «Այս ամիսներու ընթացքին նոր ընկերներ ունեցայ, նոր տեսակէտներ ձեւաւորուեցան մտքիս մէջ», ըսաւ Փայլան։

Դիտել տանք որ «Եէյլի համաշխարհային կրթաթոշակներու ծրագիր»ը, կը միաւորէ քաղաքականութեան, ակադեմական աշխարհի, քաղաքացիական հասարակութեան ու գործարարութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Նպատակն է մասնակիցներու միջեւ զարգացանել առաջնորդական կարողութիւնները՝ համաշխարհային հարցերու լուծման համար։

Հիմա կը մնայ սպասել եւ տեսնել թէ Կարօ Փայլան ինչպիսի «ճամբու քարտէս» մը պիտի մշակէ իր կեանքի յաջորդ փուլերուն համար։