image

Փաստաբան Օքամփօ. ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբը պէտք է անվաւեր համարէ Ռուբէն Վարդանեանի մասին իր կարծիքը

Փաստաբան Օքամփօ. ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբը պէտք է անվաւեր համարէ Ռուբէն Վարդանեանի մասին իր կարծիքը

Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ փորձագիտական կարծիք մը հրապարակած է ՄԱԿ-ի Անձերու կամայական բանտարկութեան հարցերու գծով աշխատանքային խումբին (UN WGAD)՝ 17 Փետրուար 2025ի թիւ 46/2024 եզրակացութեան մասին` բացայայտելով շահերու բախման այն իրական պատկերը, որ լուրջ կասկածի տակ կը դնէ խումբին եզրակացութեան անաչառութիւնը:

Վերոնշեալ խումբը եզրակացուցած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութիւնը կամայական չէր: Օքամփօ  իր փորձագիտական կարծիքին մէջ փաստարկուած կերպով կը հիմնաւորէ շահերու բախման առկայութիւնը` ընդգծելով, որ WGAD-ի ներկայի նախագահ Կաննա Եուտքիվսքա գործընկեր է «Equity Law Firm»ին, որ Ուքրանիոյ մէջ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնը` SOCARը:

Օքամփօ կատարած է բաց աղբիւրներու վրայ հիմնուած հետաքննութիւն` ՄԱԿի Անձերու կամայական բանտարկութեան հարցերու աշխատանքային խումբի ներկայի նախագահ-զեկուցող, ուքրանացի իրաւաբան Կաննա Եուտքիվսքայի անաչառութեան վերաբերեալ:

«Կաննա Եուտքիվսքա պէտք է ձեռնպահ մնար Աշխատանքային խումբին ներկայացուած Ատրպէյճանի դէմ բոլոր գործերէն: Ան ունի շահերի բախում մը, որ կը բխի անոր մասնագիտական աշխատանքէն՝ իբրեւ Equity Law Firm-ի գործօն գործընկեր: Վերջինս տարիներով իրաւաբանական ծառայութիւններ  տրամադրած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական նաւթային ընկերութեան (SOCAR): Ասիկա կը հաստատէ ուղիղ ֆինանսական կապը անոր եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան միջեւ, որ եւ տուեալ վարոյթին մէջ հանդէս կու գայ իբրեւ կողմ», ըսած է Օքամփօ, որ կը հիմնաւորէ, թէ այդ իրավիճակը կը հակասէ Վարքագիծի կանոնագիրքին եւ ՄԱԿի միւս  կանոնակարգին, որոնք կը պահանջեն ինքնաբացարկ, երբ ֆինանսական շահերը կը համընկնին ՄԱԿի գործառոյթներուն հետ։

Օքամփօ նաեւ նշած է Եուտքիվսքայի ամուսինին՝ փտածութեան մէջ մեղադրուող ուքրանացի քաղաքական գործիչին`Ատրպէյճանի հետ ունեցած սերտ անձնական եւ քաղաքական կապերուն մասին:

«Այս հանգամանքներու լոյսի տակ, համարժէք միջոցը պիտի ըլլայ այն, որ WGAD-ը անվաւեր նկատէ կարծիք № 46/2024-ը եւ սկզբնական դիմողէն խնդրէ ներկայացնել նոր միջնորդութիւն մը, որ WGAD-ի կողմէ պիտի մշակուի նորէն` de novo հիմքերով», բացատրած է Օքամփօ, ըստ որուն, թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան համար, եւ նկատի ունենալով, որ Աշխատանքային խումբին հեղինակութիւնը վտանգի տակ է, խումբը  կրնայ հրապարակաւ պատասխանել այս մեղադրանքներուն:

«Առանց յաւելեալ խնդրանքի` WGAD-ը կրնայ լրացուցիչ տեղեկութիւններ տրամադրել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կառավարուած է այս գործը, ո՛վ ծառայած է իբրեւ գործի զեկուցող եւ ինչպէս ընտրուած են անոնք, արդեօք դոկտոր Եուտքիվսքա երբեք բացայայտա՞ծ է Աշխատանքային խումբի անդամներուն եւ OHCHR-ի անձնակազմին, որ իր իրաւաբանական ընկերութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան շահերը կը ներկայացնէ, եւ, եթէ այդպիսի բացայայտում  մը կատարուած է, արդեօք Աշխատանքային խումբը  անտեսա՞ծ է այս շահերու բախումը` անոր կարելիութիւն տալով մասնակցիլ Ատրպէյճանին վերաբերող գործերուն», -եզրակացուցած է Օքամփօ: